ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ հա­մա­գու­մա­րին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հի մէջ։ Այս հա­մա­ժո­ղո­վին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­պէս պայ­մա­նա­ւո­րուած է ծրագ­րին նե­րառ­նուած զրոյց­նե­րու շար­քի հե­տաքրք­րու­թեամբ։ ՀԲԸՄ-ի զրոյց­նե­րու շար­քը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու ծնե­լուն։ Ե­րեք փու­լե­րէ բաղ­կա­ցեալ զրոյց­նե­րուն ժա­մա­նակ քննար­կուած գա­ղա­փար­նե­րը կը հա­մընկ­նին հա­յաշ­խար­հի առ­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։ Հե­տե­ւա­բար, այդ օ­րե­րուն ար­տա­յայ­տուած տե­սա­կէտ­նե­րուն յա­ռա­ջի­կա­յի հա­սու­նա­ցու­մով կրնան ու­րուագ­ծուիլ նոր հո­րի­զոն­ներ։ Այլ խօս­քով, ընդ­հան­րա­կան թի­րախ­ներ ընտ­րուած էին զրոյց­նե­րուն որ­պէս նիւթ եւ այդ հան­գա­ման­քը ա­պա­հո­վեց, որ­պէս­զի այդ շար­քը ծա­ռա­յէ իր նպա­տա­կին։

Միւս կող­մէ, 88-րդ հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը լուրջ յա­ջո­ղու­թեամբ յա­ռաջ տա­րուած էին ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կող­մէ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Յո­վիկ Էօր­տէ­քեա­նի։ Որ­պէս հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւղ՝ ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի կա­ռոյ­ցը ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­պա­հո­ված էր թէ՛ աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն փու­թա­ցած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն եւ թէ հիւ­րե­րուն հա­մար։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­գու­մա­րին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած հա­մերգն ալ ան­մո­ռա­նա­լի դար­ձած է բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ, ինչ­պէս իր հա­սած գե­ղա­րուես­տա­կան բարձր ո­րա­կով, այն­պէս ալ առ­թած խոր տպա­ւո­րու­թեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015