ՄԱՐԹԻՆ ՇՈՒԼՑԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅՑԸ
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի առընթեր ան կը մէկտեղ-ւի պետական աւագանիէն զանազան դէմքերու հետ։
Ներկայիս Թուրքիա-Եւրոխորհրդարան յարաբերութիւններուն մէջ կ՚ապրուի բարդ շրջան մը։ Արդարեւ, Ապրիլի 24-ին ընդառաջ, յառաջիկայ շաբաթ ԵԽ պիտի քննարկէ հայկական հարցը։ Այսպէս, Ապրիլի 15-ին նախատեսուած է «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը» խորագրեալ նախագծի մը օրակարգի վրայ գալը, քուէարկութիւնով հանդերձ։
Մարթին Շուլցի Անգարայի այսօրուան շփումները առիթ կը հանդիսանան, որպէսզի Թուրքիոյ անհանգստութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ յանձնուին իր նկատառման։ Եթէ այդ բանաձեւը ընդունուի Եւրոխորհրդարանին կողմէ, ապա Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ պիտի յառաջանան դժուարութիւններ, որոնց կապակցութեամբ թրքական կողմը այսօր կը զգուշացնէ Մարթին Շուլցը։
Հարկ է նշել, որ այս բանաձեւին բերումով Թուրքիոյ մօտ յառաջացած անհանգստութիւնը արտայայտելու առաջադրութեամբ, 24-26 Մարտ թուականներուն Պրիւքսէլի մէջ շարք մը շփումներ իրականացուցած էր Թուրքիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին թէ՛ ընդդիմութեան եւ թէ իշխանութեան կողմէ երեսփոխաններ։
Խորհրդարանական պատուիրակութեան ա-ռընթեր, Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըրն ալ մօտաւոր անցեալին արտայայտած էր Թուրքիոյ համապա-տասխան անհանգստու-թիւնը՝ յաչս իր եւրոպա-ցի երկխօսներուն։
Հարկ է նշել, որ Եւրո-խորհրդարանը միջոց մը առաջ հանդէս եկած էր կոչով մը, որպէսզի Եւրո-միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները «ճանչ-նան Հայոց ցեղասպանու-թիւնը»։ Այս կոչէն վերջ հիմա ուշադրութեամբ կը սպասուի Եւրոխորհրդա-րանի յաջորդ քայլին։