ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Թեհրան, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հրաւէրին ընդառաջ։ Սատապատի պալատէն ներս բարձր արարողակարգով դիմաւորուեցաւ Էրտողան, որ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Հասան Ռուհանիի հետ։ Աւելի վերջ երկու նախագահները գլխաւորեցին Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ ժողովը, որով արձանագրուեցաւ անանտեսելի յաջողութիւն մը։ Այսպէս, երկու երկիրներուն միջեւ կնքուեցան ութ պայմանագրեր, որոնք կը նախատեսեն համագործակցութիւնը զարգացնել շարք մը բնագաւառներէ ներս։
Նկատի ունենալով, որ Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ ապահովուած միջազգային համաձայնութեան արդիւնքին նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է տարածքաշրջանէն ներս, Անգարա եւ Թեհրան երէկուան քննարկումները ծաւալեցին այս իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Այլ խօսքով, երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցան նոր շրջանի նոր քայլերը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու օրակարգը յագեցած էր զգալիօրէն։ Էրտողան եւ Ռուհանի քննարկումներուն կապակցութեամբ բացատրութիւններ տուին եւ կողմերու համատեղ օրակարգի զարգացումները մեկնաբանեցին՝ Թեհրանի մէջ իրենց սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Այս առթիւ Էրտողան մատնանշեց, թէ հնարաւորութիւն ունեցած են ծաւալուն քննարկումներ կատարելու քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս հեռանկարներուն շուրջ։ «Մինչ այդ, տարածքաշրջանը հուրէ շուրջբոլոր մըն է եւ առիթն ունեցանք այս մասին խօսելու։ Ահաբեկչութեան պայքարի շուրջ արժեւորում մը ընելու կարելիութիւնն ալ ունեցանք։ Բնականաբար քաղաքական առումով, միջազգային գետնի վրայ մեր հաւանական հասարակաց քայլերն ալ նկատի առինք», ըսաւ Էրտողան, ըստ որու Թուրքիա կը փափաքի նոր շրջանին Իրանի հետ տարբեր քայլեր առնել զօրակցութեան մէջ։ Էրտողանի խօսքով, այդ նոր քայլերը առնելու համար երկու կողմերուն մօտ ալ գոյութիւն ունի անհրաժեշտ կամքը, ինչ որ նախադրեալ մը կը ստեղծէ տնտեսական համագործակցութեան շրջագծով որ-դեգրուած նպատակներուն յապաղումը հաւասարակշռելու տեսակէտէ։ Արդարեւ, մին-չեւ մէկ-երկու տարի առաջ կողմերը որդեգրած էին իրենց առեւտուրի ծաւալը հասցնել 30 միլիառ տոլարի մակարդակին։
Իր յայտարարութիւններուն ընթացքին Էրտողան մատնանշեց նաեւ, որ Իրան ներկայիս իր արտադրած բնական կազին շուրջ 99 տոկոսը կ՚արտածէ Թուրքիա։ Սա շատ լուրջ համեմատութիւն մըն է։ Բայց եւ այնպէս, Էրտողան Թեհրանի մէջ ընդգծեց, թէ Թուրքիա ամենաբարձր սակագինով բնական կազը կը ներածէ Իրանէն։ Եթէ սակագինին մէջ զեղչեր կատարուին, Թուրքիա բնականաբար կրնայ աւելցնել Իրանէն ստացած կազին քանակութիւնը։ Արդարեւ, Թուրքիա այնպիսի երկիր մըն է, որ բնական կազի պահանջարկը միշտ կ՚աւելնայ։
Ռուհանիի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրները։ Այս առընչութեամբ ան յատկապէս կանգ առաւ Իրաքի եւ Սուրիոյ հարցերուն վրայ։ Կողմերը երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին այս կապակցութեամբ բաժնած են իրենց ցաւը։ Հանրապետութեան նախագահը այս կապակցութեամբ ընդգծեց, որ Թուրքիա դաւանանքի հիմքով չ՚ընկալեր այս խնդիրները եւ որդեգրած է մարդակեդրոն մօտեցումներ։ Հետեւաբար, պէտք է համախմբուիլ եւ այլեւս պէտք է կասեցնել մահերը։
Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ զօրակցութեան համար՝ իր երկրի հիւլէական ծրագրի հարցին շուրջ։ Իրանի եւ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն արդիւնքը, Ռուհանիի կանխատեսումներով, շատ օգտակար պիտի ըլլան Թուրքիա-Իրան տնտեսական յարաբերութիւններուն տեսանկիւնէն։
Միեւնոյն ժամանակ ան յայտնեց. «Իրերօգնութեամբ, երրորդ երկիրներու ալ մասնակցութեամբ, ահաբեկչութեան, ծայրայեղութիւններու եւ արմատականութեան դէմ պայքարելու մեր վճռականութիւնը ցուցաբերեցինք»։
Ռուհանիի բացատրութիւններով, Եէմէնի հարցին շուրջ երկու կողմերը յստակօրէն ներկայացուցած են իրենց մօտեցումները ու հասած՝ հասարակաց կէտերու։ Ըստ Ռուհանիի, երկու երկիրներն ալ կ՚ակնկալեն, որպէսզի հնարա-ւորինս արագ վերջ գտնէ պատերազմը եւ Եէմէնի մէջ արիւնահեղութիւնը կասեցուի։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան դէպի Թեհրան միօրեայ այցելութեան ծրագիրը աւարտեց Իրանի Կրօնապետ Այէթուլլահ Սէիտ Ալի Հա-մանէի հետ տեսակցութեամբ։