ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ուրբաթ, Ապրիլի 1-ի առաւօտուն, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն եւ լիազօր դեսպան Զօհրապ Մնացականեան:
Ըստ Առաջնորդարանի դիւանին, այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Առաջնորդի Փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան, Առաջնորդարանի Վարչական տնօրէն Արմէն Պայպուրթեան, Հայ օգնութեան ֆոնտի վարիչ-տնօրէն Գառնիկ Նանակիւլեան, Առաջնորդարանի Հանրային յարաբերութեանց բաժանմունքէն Արթըր Պետրոսեան եւ Առաջնորդարանի Զարգացման բաժանմունքէն Թալին Պապայեան:
Այսպէս, Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկութիւններ հաղորդեց Սփիւռքի նախարարութեան կատարած իրագործումներուն մասին. շեշտելով որ շատ կարեւոր է սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ զօրաւոր կամուրջի մը հաստատումը, որուն ի նպաստ նախարարութիւնը կը կազմակերպէ յայտագիրներ՝ ինչպէս «Արի տուն» յայտագիրը, որ կը քաջալերէ արտասահմանի հայերը, որպէսզի գան հայրենիք եւ իրենց ուժերը ի սպաս դնեն երկրի եւ մշակոյթի զարգացման: Ան խօսեցաւ նաեւ «Փառատօն» յայտագիրին մասին, որ երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպուի եւ որուն երգով, երաժշտութեամբ եւ պարով կը մասնակցին արտասահմանեան երեսուն խումբեր: Նախարարութեան մէկ նախաձեռնութիւնն է նաեւ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ամառնային դասընթացքները՝ որոնց կրնան մասնակցիլ ամէն տարիքի անհատներ: Վերոյիշեալ բոլոր յայտագիրները կը հոգացուին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
«Եթէ մեր նպատակն է սփիւռքի եւ հայրենիքի կապերը առաւել եւս զօրացնել՝ արտասահմանի հայերը պարտին իրենց հայրենիքը այցելել», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան:
Նախարար Յակոբեան արտայայտուեցաւ նաեւ այն օգնութեան մասին՝ որ նախարարութեան կողմէ յանձն կ՚առնուի Հայաստան գաղթող սուրիահայերուն ի նպաստ: Կը տրամադրուին կրթաթոշակներ, բնակարան եւ աշխատանքի դիւրութիւն: Այս հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ, թէ ինչպէս Առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ գործող Հայ օգնութեան ֆոնտը եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը համագործակցաբար կրնան օժանդակել սուրիահայ գաղթականներուն:
Այս առթիւ, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խօսեցաւ Առաջնորդարանի կատարած ձեռնարկներուն մասին՝ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին առթիւ՝ գլխաւորաբար ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի եւ թեմի ծուխերուն մէջ:
Իր կարգին, Արթըր Պետրոսեան տեղեկութիւններ հաղորդեց Առաջնորդարանի Հանրային յարաբերութեանց բաժանմունքի մրցանակի արժանացած գրքոյկին եւ Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի ու Ս. Վարդան Մայր տաճարի ձեռնարկները նոյն պահուն իսկ համակարգիչի միջոցաւ հեռասփռումի մասին:
Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. «Անցեալ տարի ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն, պարտինք այդ ոգին վառ պահել յաջորդ տասնամեակներուն եւս»:
Առաջնորդ Սրբազանն ու Հրանոյշ Յակոբեան շատ կարեւոր նկատեցին, որ միացեալ աշխատանքով պէտք է շարունակել առաւել եւս զօրացնել սփիւռքի եւ հայրենիքի կապերը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին նուիրեց ծանօթ արուեստագէտ Մայքըլ Արամի պատրաստած քանդակը, իսկ Յակոբեան Սրբազան Հօր նուիրեց շրջանակուած գորգ մը եւ Նախարարութեան վերջին հրատարակութիւնները:
Այս հանդիպումի վերջաւորութեան՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ըսաւ. «Շատ ուրախ եղանք տեղեկանալով Սփիւռքի նախարարութեան վերջին իրագործումներուն մասին: Մենք պարտինք միասնաբար շարունակել մեր ջանքերը հայրենիքի օժանդակութեան եւ զօրացման ի նպաստ»: