ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ
Արցախի ճակատին վրայ կը շարունակուի փխրուն իրավիճակը։ Կրակի դադրեցման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը կը խախտուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ վար առած են Ատրպէյճանի հարուածային անօդաչու թռչող սարք մը՝ հերթական անգամ։ Հրապարակուեցան այդ սարքին լուսանկարները։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ կը բանան նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ։ Իսկ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները արդէն նոր տուեալներ հաղորդեցին վերջին բախումներու ծանր հետեւանքներուն շուրջ։ Այսպէս, հայկական կողմը վերջին տուեալներով ունի 44 նահատակ, 21 հայ զինուոր անհետացած է, իսկ 122-ը վիրաւորուած։ Ազէրի զօրքերու խախտումներուն հետեւանքով Արցախի մէջ հայկական կողմը ունեցած է նոր զոհեր։
Այս մթնոլորտին մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ շփումներ ունեցան Ստեփանակերտի մէջ։ Անոնք տեսակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի, Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Բակօ Սահակեան միջնորդներուն հետ քննարկեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած վերջին լայնածաւալ յարձակումներու վերաբերեալ հարցեր։ Սահակեան Ատրպէյճանի բռնութիւնները համարեց Հարաւային Կովկասի եւ յարակից տարածքաշրջաններու կայունութեան ու խաղաղութեան դէմ մեծագոյն վտանգներէն մին՝ այդ բոլորը որակելով քաղաքակիրթ հանրութեան համար լուրջ մարտահրաւէր։ Սահակեան ընդգծեց, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը կասեցնէ ու պիտի կասեցնէ իր անկախութեան, ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած ամէն տեսակ ոտնձգութիւն։ Ան աւելցուց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն կ՚ակնկալուին կոշտ եւ հասցէական գնահատականներ ու քայլեր՝ Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան դէմ։
Մինսքեան խմբակի համանախագահները Արցախէն վերջ կ՚այցելեն նաեւ Երեւան, ուր կը մէկտեղուին Հայաստանի ղեկավարութեան հետ։ Անոնք երէկ տեղեկացուցին, թէ վաղը Երեւանի մէջ հանդէս պիտի գան յայտարարութիւններով։