ՆՈՒՍԱՅՊԻՆԻ ՄԷՋ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿ
Մարտինի Նուսայպին գաւառակէն երէկ հասած լուրերը խոր ցաւ ստեղծեցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Երէկուան գործողութիւններուն ընթացքին նահատակուեցան անվտանգութեան հինգ պաշտօնեաներ։
Երէկ առաւօտ տեղւոյն Տիճլէ թաղամասին մէջ հոծ թիւով ՓՔՔ-ականներ նկատուեցան եւ անվտանգութեան ուժերը գործողութեան ձեռնարկեցին անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն դէմ։ Այս ընթացքին ահաբեկիչները կրակ բացին նաեւ դիպուկահարներուն։ Բախումներուն ընթացքին նահատակուեցան հազարապետ Ահմէտ Քահրաման, ոստիկանապետ Տողան Սարըքայա, ոստիկանապետ Զաֆէր Քուրտ, ռումբի մասնագէտ Սալիհ Թաճ եւ Էրքան Պաշփեհլիվան։ Դիպուկահարներու կողմէ բացուած կրակին առընթեր նախապէս լարուած ծուղակի մըն ալ ազդեցութեամբ նահատակուեցան անվտանգութեան պաշտօնեաներ։ Հարկ է նշել, որ Սալիհ Թաճ եւ Էրքան Պաշփեհլիվան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի թիկնազօրին մաս կը կազմէին։
Միւս կողմէ, Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսս զինադուլի կոչ ուղղեց ՓՔՔ-ին։ Ան ըսաւ, թէ ինչպէս ցարդ բազմիցս ըրած են ու պիտի շարունակեն ընել՝ կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի ՓՔՔ վերջ տայ բռնութիւններուն։
Ամերիկացի դեսպանը միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, թէ իրենք նախանձախնդրութեամբ կ՚ուսումնասիրեն թրքական կառավարութեան կողմէ ՓԵՏ-ին հասցէագրուած մեղադրանքները։