ՋԱՆՔԵՐ ԵՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը կը շա­րու­նա­կէ օ­րա­կար­գի վրայ մնալ որ­պէս հրա­տապ նիւթ ճա­կա­տի վրայ բռնկած վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան։ Ռուս վար­չա­պե­տը Հա­յաս­տա­ն ժա­մա­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ յայ­տա­րա­րեց, թէ Մոս­կուա պատ­րաստ է օ­գտա­գոր­ծել իր ամ­բողջ ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ Մետ­վե­տե­ւի Ե­րե­ւան հաս­նե­լէն ա­ռաջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ի­րադ­րու­թիւ­նը հե­ռու է կա­յուն ըլ­լա­լէ։ Փես­քո­վի հա­մոզ­մամբ, ընդ­հա­նուր առ­մամբ ի­րադ­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է յե­տըն­թաց։ «Նախ­քան այդ թէժ բա­խում­նե­րուն վերսկ­սի­լը կա­յին շատ լաւ մշա­կում­ներ, շատ դրա­կան քայ­լեր կա­տա­րուած էին կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ, այժմ, դժբախ­տա­բար, տե­ղի ու­նե­ցած է յե­տըն­թաց, այժմ շատ բա­նե­րու մէջ պէտք պի­տի ըլ­լայ լրաց­նել բաց թո­ղուա­ծը», ը­սաւ Փես­քով եւ ա­ւել­ցուց, թէ Մոս­կուա պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Ըստ ի­րեն, այս ան­գամ եւս զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ շատ գործ­նա­կան ու մեծ աշ­խա­տանք կա­տա­րուե­ցաւ կրա­կը դադ­րեց­նե­լու հա­մար։ Ռու­սաս­տա­նի այդ ջան­քե­րը ար­դէն նշուած են գոր­ծըն­թա­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն կող­մէ ու բնա­կա­նա­բար Մոս­կուա պի­տի շա­րու­նա­կէ իր հե­տե­ւո­ղա­կան գի­ծը։

Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը ընդգ­ծեց, որ Ռու­սաս­տան ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ է եւ հա­կա­մար­տու­թեան սկիզ­բէն ի վեր բա­ւա­կան մեծ ջան­քեր գոր­ծադ­րած է ու կը գոր­ծադ­րէ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ «Ռու­սաս­տան լաւ, գոր­ծըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը պահ­պա­նէ թէ՛ Ե­րե­ւա­նի եւ թէ Պա­քուի հետ, ինչ­պէս նաեւ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚օգ­տա­գոր­ծէ յի­շեալ պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծե­լու հա­մար՝ աշ­խա­տե­լով թէ՛ երկ­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով եւ թէ մի­ջազ­գա­յին դրու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս», ը­սաւ ան։

Իր կար­գին, Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւն ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան։ Իր խօս­քե­րով, հա­կա­մար­տու­թիւ­նը պէտք է լու­ծուի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ «Կա­րե­ւոր է, որ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս հրա­դա­դա­րը պահ­պա­նուի եւ հար­ցը լու­ծուի քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցի մի­ջո­ցաւ, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու օգ­նու­թեամբ, այլ ոչ թէ զի­նեալ ու­ժե­րու, որ­պէս­զի մար­դիկ չզո­հուին։ Ռու­սաս­տան պատ­րաստ է օգ­տա­գոր­ծել իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման հա­մար, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, որ­պէս­զի բա­ցա­ռուի նաեւ հա­կա­մար­տու­թեան թէ­ժա­ցու­մը, ո­րով­հե­տեւ ան լի է հա­ւա­նա­կան վտանգ­նե­րով։ Կար­գա­ւոր­ման ներ­կայ ձե­ւա­չա­փին այ­լընտ­րանք չկայ, Մինս­քեան խմբա­կի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը ամ­րագ­րուած են ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի եւ ԵԱՀԿ-ի կող­մէ», ը­սաւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ։

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Ե­րե­ւան ժա­մա­նած ռուս վար­չա­պե­տը ե­րէկ ուշ ե­րե­կո­յեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։ Դէ­պի Պեր­լին կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թե­նէն վե­րա­դար­ձին Սերժ Սարգ­սեան տե­սակ­ցե­ցաւ ռուս վար­չա­պե­տին հետ՝ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան շեշ­տեց, թէ Մետ­վե­տե­ւի այ­ցը կը կա­յա­նայ բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ։ Ար­դա­րեւ, Ատր­պէյ­ճան հեր­թա­կան ան­գամ փոր­ձեց ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով լու­ծել ղա­րա­բա­ղեան խնդի­րը։ Ձեռ­նար­կուե­ցաւ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թեան՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու սպա­ռա­զի­նու­թեան բո­լոր տե­սակ­նե­րու կի­րառ­մամբ։ Սարգ­սեան մատ­նան­շեց, որ դժբախ­տա­բար այդ սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը կի­րա­ռուած է նաեւ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ, զո­հուած են ե­րա­խա­ներ, տա­րեց մար­դիկ, սա­կայն շնոր­հիւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րու եւ հրա­մա­նա­տար­նե­րու ար­հես­տա­վարժ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ այդ փոր­ձը կա­սե­ցուե­ցաւ։

«Վստահ եմ, գի­տէք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ լայն ար­ձա­գանգ ստա­ցաւ այն փաս­տը, թէ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը ողջ ու­ժով կի­րա­ռե­ցին այն զի­նա­տե­սակ­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն Ռու­սաս­տա­նէն ձեռք բե­րած էին։ Սա հասկ­նա­լի է, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­կան մա­կար­դա­կով Ռու­սաս­տա­նը կը հա­մա­րեն մեր­ձա­ւոր դաշ­նա­կից եւ բա­րե­կամ։ Այ­սօր այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է, որ մենք չենք բա­ցա­ռեր հեր­թա­կան սադ­րան­քը, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ ե­րէկ եւ թէ այ­սօր լրա­տուա­կան դաշ­տին մէջ այդ սադ­րանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին եւ մենք, բնա­կա­նա­բար, կ՚ակն­կա­լենք Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րէն եւ դաշ­նա­կից­նե­րէն հաս­ցէա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ու ո­րոշ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ո­րով­հե­տեւ երկ­րորդ փոր­ձը, կը կար­ծեմ, պի­տի բե­րէ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ սկիզ­բէն իսկ մենք՝ որ­պէս 1994 թուա­կա­նի հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նագ­րի մաս­նա­կից եր­կիր, չէինք կրնար մէկ կողմ մնալ այդ բո­լո­րէն», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Իր կար­գին, Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւն ալ հա­մա­ձայն գտնուե­ցաւ, թէ իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած ռու­սա­կան կա­ռա­վա­րա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պած է շատ դժուար ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մը։ «Բայց մենք ծրա­գի­րը չփո­խե­ցինք։ Մենք կը հա­մա­րենք, որ սա մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝ որ­պէս Հա­յաս­տա­նի գոր­ծըն­կեր, ստա­նալ տե­ղե­կա­տուու­թիւն, ինչ­պէս կ՚ը­սեն ա­ռա­ջին ձեռ­քէն, հասկ­նալ, թէ ի՛նչ կը կա­տա­րուի եւ ի հար­կէ ը­նել մեզ­մէ կա­խեալ ա­մէն ինչ, որ­պէս գոր­ծըն­կեր, դաշ­նա­կից, որ­պէս Մինս­քեան խմբա­կի մաս­նա­կից, որ­պէս­զի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը զար­գա­նան հան­գիստ ձե­ւով։ Մեր մեկ­նա­կէ­տը այն է, որ հի­մա ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը խա­ղա­ղու­թիւն պահ­պա­նելն է, բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ վե­րա­դառ­նա­լը՝ նոյ­նիսկ ան­տե­սե­լով այն հան­գա­ման­քը, որ հի­մա այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ֆո­նը, մեղմ խօս­քով, լա­ւա­գոյ­նը չէ։ Ես շատ լաւ կը յի­շեմ ձե­զի հետ մեր նախ­կին զրոյց­նե­րը։ Մի գու­ցէ այդ ժա­մա­նակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մէկ մա­սը կա­րե­լի չե­ղաւ ի­րա­կա­նաց­նել, բայց յա­մե­նայն­դէպս, խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, հան­գիստ քննար­կում­նե­րուն հա­մար այ­լընտ­րանք չկայ», ը­սաւ Մետ­վե­տեւ։

Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րը այս օ­րե­րուն ար­դէն խտա­ցեալ աշ­խա­տանք կը տա­նին ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Այդ ջան­քե­րը բնա­կա­նա­բար կը գոր­ծադ­րուին լուրջ հար­ցա­կան­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, սա­կայն ու­նին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր նա­խա­տե­սուած է ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Սէր­կէյ Լաւ­րով այս ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ ար­դէն Պա­քուի մէջ էր՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի հետ ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման։ Լաւ­րով տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Հարկ է նշել, որ թրքա­կան մա­մու­լը Լաւ­րո­վի եւ Ա­լիե­ւի տե­սակ­ցու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ շատ դրա­կան։

Ռուս նա­խա­րա­րը Պա­քուի մէջ յայ­տա­րա­րած է, թէ հա­կա­մարտ կող­մե­րը մօտ են հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Իսկ հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Լաւ­րո­վի, Մա­մէ­տեա­րո­վի եւ Զա­րի­ֆի Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը չեն ե­ղած միան­շա­նակ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մա­մէ­տեա­րով շեշ­տած է, թէ պար­բե­րա­կան բռնկում­նե­րը, փո­խա­դարձ հրաձ­գու­թիւն­նե­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի պա­տա­հին։ Ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ քննար­կած են սահ­մա­նի բա­խում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու հար­ցը։ Մա­մէ­տեա­րով ընդգ­ծեց, թէ ինք յո­ռե­տես է այս մա­սին, ոչ թէ ի­րա­վի­ճա­կի սա­ռեց­ման ա­ռու­մով, այլ այն պատ­ճա­ռով, թէ սա կրնայ պատ­րանք մը ծա­ռա­յել՝ կար­ծե­լու հա­մար, որ այս­պէ­սով կա­րե­լի է պահ­պա­նել առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը։

Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ Սէր­կէյ Լաւ­րովն ալ հա­ղոր­դեց ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Ըստ ի­րեն, Ռու­սաս­տան գու­ցէ բո­լո­րէն ա­ւե­լի շա­հագրգ­ռուած է կող­մե­րու ար­տա­սահ­մա­նեան գոր­ծըն­կեր­նե­րու շար­քին՝ հնա­րա­ւո­րինս շուտ հաս­նիլ հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման, բայց զու­գա­հե­ռա­բար անհ­րա­ժեշտ է մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կել՝ թոյլ չտա­լու հա­մար բռնու­թեան նման բռնկում­նե­րու։ Իր խօս­քե­րով, դի­պու­կա­հար­նե­րը, նա­յե­լով շփման գծի միւս կող­մը գտնուող դի­պու­կա­հա­րին, կը տես­նեն մարդ­կա­յին դէմք եւ ար­դիւն­քին ա­նոնց ջի­ղե­րը կրնան չդի­մա­նալ։ Հե­տե­ւա­բար, Լաւ­րո­վի հա­մոզ­մամբ, անհ­րա­ժեշտ է նաեւ այս հար­ցը նկա­տի ու­նե­նալ՝ ա­ւելց­նե­լով ջան­քե­րը քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ի հա­կա­ռակ Մա­մէ­տեա­րո­վի կար­ծի­քին, Սէր­կէյ Լաւ­րով յայտ­նեց, որ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման մի­ջոց­նե­րը, դի­պու­կա­հար­նե­րու ետ քա­շուի­լը, դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան հա­մա­ձայ­նե­ցու­մը կա­րե­ւոր են հա­կա­մար­տու­թեան քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու հա­մար։

Հարկ է նշել, որ ա­ւար­տե­լով դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պա­քուի մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2016