ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՃԻԳԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հեր­թա­կան նիս­տը։ Ներ­կայ էին պատ­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան գտած սու­րիա­հա­յոց առ­կայ խնդիր­նե­րու լուծ­ման հե­տա­մուտ հա­սա­րա­կա­կան կամ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն Վար­դան Վար­դա­զա­րեան հան­դէս ե­կաւ զե­կու­ցու­մով մը, ո­րով ներ­կա­յա­ցուց սու­րիա­հա­յոց բժշկա­կան օգ­նու­թեան կազ­մա­կերպ­ման հա­մար կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձաւ սու­րիա­հայ բժիշկ­նե­րու աշ­խա­տան­քի տե­ղա­ւոր­ման հա­մար ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ու ներդ­րում­նե­րու փոխ-նա­խա­րար Տիգ­րան Խա­չատ­րեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ այն ծրագ­րե­րուն մա­սին, ո­րոնց նպա­տակն է սու­րիա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տումն ու ա­նոնց գոր­ծա­րա­րու­թեան կա­յա­ցու­մը։

Գեր­մա­նիոյ Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­կե­րու­թեան ծրագ­րի ղե­կա­վար Հանս Եոա­քիմ եւս բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ նոյն ա­ռանց­քին շուրջ։ Իսկ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ օգ­նու­թեան ֆոն­տի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ծրագ­րի հա­մա­կար­գող Մա­նէ Խա­չատ­րեան ներ­կա­յա­ցուց այդ կա­ռոյ­ցին մի­ջո­ցաւ ցարդ սու­րիա­հա­յե­րուն ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Ամ­փո­փե­լով ժո­ղո­վը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին հա­մար։ Ան կա­րե­ւո­րեց սու­րիա­հա­յոց տնտե­սա­կան հա­մար­կու­մը։ «Պէտք է ը­նենք հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ, որ­պէս­զի սու­րիա­հա­յե­րու խնդիր­նե­րը ա­րագ եւ հա­մա­կար­գուած լու­ծում ու­նե­նան եւ ա­նոնք հաս­տա­տուին Հա­յաս­տա­նի մէջ», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017