ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՅՑ
Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի ուսանողները վերջերս մէկ շաբթուան այցելութիւն մը տուին դէպի Պրիւքսել եւ Վիեննա։ Դպրոցի տնօրէնին՝ դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանի կողմէ գլխաւորուած խումբին մաս կազմեցին նաեւ աշխատակիցներ։ Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի սաները Եւրոմիութեան, ԵԱՀԿ-ի, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանները եւ ՄԱԿ-ի գրասենեակը այցելեցին, ինչպէս նաեւ գտնուեցան այդ քաղաքներու հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն ներս։ Հարկ է նշել, որ 2013 թուականէն ի վեր Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի ուսումնական ծրագրին մէջ ընդգրկուած է այս շրջայցը։
Ապագայ դիւանագէտները ծանօթացան Եւրոմիութեան հիմնական կառոյցներուն՝ Եւրոյանձնաժողովին, խորհուրդին, արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան եւ Եւրոխորհրդարանին։ Բաց աստի, Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս անոնք լսեցին դասախօսութիւններ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու, դաշինքի հանրային դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան նոր մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Վիեննայի մէջ ալ, ԵԱՀԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս անոնց համար նախատեսուած էին դասախօսութիւններ կառոյցի գործունէութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ապագայ դիւանագէտները հնարաւորութիւն ունեցան ներկայ գտնուիլ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստի աշխատանքներուն։ Ունկնդիրները այցելեցին նաեւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը եւ Միջուկային փորձարկումներու համապարփակ արգիլման պայմանագրի կազմակերպութիւն, որոնք ՄԱԿ-ի կողմէ հովանաւորուած կառոյցներ են։
Վիեննայի կեցութեան օրերուն Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի խումբը այցելեց նաեւ Մխիթարեան միաբանութիւն։