ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԻՆ ԵՒ ԱՆՑԱՒ ՓՈՐԹՈՒԳԱԼ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին Ամմանի մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի՝ Մերձաւոր Արեւելքին եւ Հիւսիսային Ափրիկէին ձօնուած տարածքաշրջանայինհամաժողովի աշխատանքին։ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորի եւ Ռայնա թագուհիի աջակցութեամբ ու բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու մասնակիցներու շարքին էին զանազան երկիրներու նախագահներ կամ վարչապետներ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս, պետական, գործարար ու քաղաքացիական հասարակութեան շրջանակները ներկայացնող աւելի քան հազար առաջնորդներ։ Ֆորումի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը։ Ատենախօսները անդրադարձան զանազան խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, որոնց կ՚առերեսուի տարածքաշրջանն ու ընդհանրապէս աշխարհը։ Անոնք մասնաւորապէս խօսեցան ուժանիւթի անվտանգութեան, մաքուր եւ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործման, կլիմայական համակարգի փոփոխութիւններու եւ այլ շարք մը խնդիրներու շուրջ։

«Նոր ուժանիւթ նոր Մերձաւոր Արեւելքի համար» խորագրեալ նիստի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Արմէն Սարգսեան։ Այս առթիւ ան Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներուն ներկայացուց Հայաստանի ուժանիւթի աղբիւրները եւ հնարաւորութիւնները։ Նախագահը նշեց, որ Հայաստանի մէջ վերականգնուող ուժանիւթը առաջ կը մղուի։ Երկիրը կ՚արտահանէ ելեկտրականութիւն։ «Ես Հայաստանը կը համարեմ Միջին Արեւելքի մաս մը։ Թէեւ Հայաստան չունի նաւթ եւ կազ, սակայն ունի ջուրի հսկայական պաշարներ։ Դժբախտաբար, մենք հաւանաբար կ՚օգտագործենք ջուրի մեր պաշարներու 10 կամ 20 տոկոսը, իսկ մնացեալ մասը կը վտանգուի։ Ջուրը կարեւոր է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Իր խօսքին մէջ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ ներկայիս կլիմայի կրած վնասները ապագային պիտի ունենան լուրջ հետեւանքներ։ Կլիմայի փոփոխութիւններու հետեւանքով պիտի յառաջանան երաշտներ, սնունդի հետ կապուած խնդիրներ, պիտի պակսի ջուրը, աւելի շատ անապատներ պիտի գոյանան եւ ցունամիներ տեղի պիտի ունենան։ Ուստի, Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Մենք պէտք է փորձենք գտնել այլ լուծումներ եւ այդ լուծումները կրնան աւելի շատ հիմնուած ըլլալ ջրային ուժանիւթի, նոր փորձագիտութիւններու վրայ։ Պէտք է օգտագործուին նոր փորձագիտութիւնները, արհեստական բանականութիւնը։ Ասոնք փոքր մանրամասնութիւններ են, որոնք վաղը՝ 21-րդ դարուն կարեւոր պիտի ըլլան։ Մենք չենք կրնար ուղղակի անտեսել միջուկային ուժանիւթը միայն այն պատճառով, որ կը վախնանք անկէ։ Ես համաձայն եմ այն մտքին հետ, թէ մենք չունինք շատ ժամանակ։ Մենք պէտք է զուգահեռ գործընթացներ իրականացնենք՝ ոչ միայն պայքարինք ածուխի օգտագործման դէմ, այլեւ աւելի ճիշդ օգտագործենք նաւթն ու կազը, օգտագործենք վերականգնուող ուժանիւթը, ջրային ուժանիւթը, միջուկային ուժանիւթը եւ առաւելագոյնս օգտագործենք նոր փորձագիտութիւնները, տուեալներու կառավարումը, որովհետեւ մենք շատ ժամանակ չունինք»։

Ամմանի մէջ Արմէն Սարգսեան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին կողմէ կազմակերպուած հաւաքի հիւրերու անպաշտօն հանդիպման։ Այս փուլի ներկաներու շարքին էին Ապտուլլահ Բ. թագաւորը, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի նախագահ Պէօրկէ Պրենտէ, Անթոնիօ Կութերէս, զանազան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ, բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի օգնական ու միջազգային բանակցութիւններու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյսըն Կրինպալտ։ Այս փուլին Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներու եւ ապագային մասին։ Ան Հայաստանը ներկայացուց՝ որպէս փորձագիտութիւններու, նորարարութիւններու երկիր։ Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանի զարգացման հիմնական մղիչ ուժը բարձր փորձագիտութիւնները կը հանդիսանան, գիտութիւնը, կրթութիւնը, նորարարութիւնները։ Ան խօսեցաւ նաեւ երկրի ներդը-րումային հնարաւորութիւններու եւ գործարարութեամբ զբաղելու առաւելութիւններուն մասին։ Ըստ իրեն, Հայաստան հարուստ չէ բնական պաշարներով, սակայն ունի շատ կարեւոր պաշար մը զանազան բաղադրիչներով եւ այդ մէկը երկրի մարդուժն է։ Արմէն Սարգսեան համոզուած է, թէ Հայաստան ունի բոլոր հնարաւորութիւնները դառնալու համար շատ յաջողակ գիտական եւ փորձագիտական երկիր մը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ամմանի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան մէկտեղուեցաւ Ապտուլլահ Բ. թագաւորին, Անթոնիօ Կութերէսի, Ղազախիստանի Արտաքին գործոց նախարար Պէյպութ Աթամքուրովի, Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հիմնադիր Քլաուս Շվափի եւ այլ դէմքերու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անթոնիօ Կութերէսի հետ զրուցելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Արմէն Սարգսեան եւ Անթոնիօ Կութերէս ողջունեցին Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը եւ ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ, բանակցային ճանապարհով կարգաւորումը այլընտրանք չունի։

Ապտուլլահ Բ. թագաւորի հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընդգեց, որ հայ-յորդանանեան բարեկամութեան լաւագոյն վկայութիւնը Յորդանանի գետի ափին վեր խոյացող հայկական եկեղեցին է։ Ապտուլլահ Բ. թագաւոր զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկային Հայաստան պիտի գործուղէ պատուիրակութիւն մը՝ տեղւոյն վրայ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով։

Արմէն Սարգսեան Ամման այցելութեան ընթացքին հիւրընկալուեցաւ նաեւ յորդանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Յորդանանահայութիւնը պաշտօնական ընթրիքով մը մեծարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը։

Միւս կողմէ, աւարտելով Ամմանի շփումները՝ Արմէն Սարգսեան մեկնեցաւ Փորթուգալ, ուր այս օրերուն մասնակցութիւն կը բերէ Horasis վերլուծական կեդրոնի տարեկան հանդիպման։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019