ՍԱՍՈՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵԿՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) 12-րդ արտահերթ համագումարը։ Հայաստանի կառավարութեան համագումարներու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկրապահներու 

հաւաքը, որու աւարտին միաձայնութեամբ ԵԿՄ-ի վարչութեան նախագահ ընտրուեցաւ երեսփոխան Սասուն Միքայէլեան։ ԵԿՄ-ի 12-րդ արտահերթ համագումարին մասնակցեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Վարչապետը հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։

Երկրապահներու շարժումը ստեղծուած է Արցախի գոյամարտի տարիներուն, հոգելոյս սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի ջանքերով։ Վերջին տարիներուն երկրապահներու կամաւորն էր Մանուէլ Գրիգորեան, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն վերջ գայթակղեցուցիչ պայմաններով հեռացած էր այդ պաշտօնէն ու ներկայիս կը գտնուի բանտարկութեան մէջ։ Շաբաթավերջի համագումարով ԵԿՄ-ի պարագային այդ անցումային շրջանը վերջ գտաւ, երբ միաձայնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ Սասուն Միքայէլեան։ Համագումարի ընթացքին ընտրուեցաւ նաեւ ԵԿՄ-ի նոր վարչական կազմը, որ կը բաղկանայ 25 հոգիէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2019