ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹՈՔԱՅԻՆ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄՆԵՐԸ ԶԳԱԼԻՕՐԷՆ ՆՈՒԱԶԱԾ ԵՆ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրէ վարակուածներու թիւը հասած է 34 հազար 109-ի։ Ցարդ համավարակի զոհ գացած է 725 հոգի։ Երէկ կատարուած է 20 հազար 23 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 3 հազար 892 նոր վարակեալ։ Ըստ Ֆահրետտին Քոճայի, յառաջիկայ շրջանին վարակեալներու առողջական վիճակը պիտի վերահսկուի թուային ձեւով՝ բջիջային հեռախօսներու միջոցաւ։ Այս ուղղութեամբ նախատեսուած համակարգը շուտով պիտի սկսի գործել։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ հիւանդներու մօտ թոքերու բորբոքման պարագաները զգալիօրէն նուազած են։ Այս ուղղութեամբ դրական ազդեցութիւն գործած է դեղամիջոցներու կանուխ կիրառումը։ Այժմ բազմաթիւ երկիրներ հետամուտ են ձեռքբերել այն դեղամիջոցները, որոնք կը կիրարկը-ւին Թուրքիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020