ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԷ ԲՈՒԺՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐՁՐ Է՝ ՔԱՆ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ երկրէն ներս առաջին անգամ քորոնաժահրի համավարակէն բուժուածներու թիւը աւելի բարձր է՝ քան վարակուածները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փաշինեան յայտնեց, որ պարէտատունը կը շարունակէ պահպանել զգուշաւոր լաւատեսութիւնը։ Ըստ վարչապետին, ներկայ դրութեամբ Հայաստան 1400 մահճակալ ունի՝ վարակաւորներու համար նախատեսուած։ Այս պահու դրութեամբ, փաստօրէն այդ մահճակալներու միայն կէսը զբաղուած է եւ սա կը նշանակէ, որ երկրի առողջապահական համակարգը շատ լարուած չէ։

«Մեր յառաջիկայ մարտավարութիւնը հետեւեալն է. Առողջապահութեան նախարարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի մինչեւ շաբաթավերջ հասնինք օրը արդէն հազար հետազօտութեան։ Եւ այդ հազար հետազօտութիւնը աւելի ամբողջական պատկերացում մը պիտի տայ մեր իրավիճակին մասին», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի ներկայ շաբթուան տեւողութեան ժողովուրդը խիստ կարգապահութեամբ հետեւի համավարակի դէմ պայքարի ամբողջին մէջ հաստատուած սահմանափակումներուն եւ ինքնամեկուսացման կանոններուն։

ԿՈՐՈՒՍՏ

Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ համաճարակի զոհ գացած է յայտնի գիտնական մը՝ բնագէտ փրոֆ. Միշիկ Ղազարեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020