ԱՆԱՍԹԱՍԻԱՏԻՍԷՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Մինչ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ նոր գործընթաց մը կը սկսի,  Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք մտահոգութիւն ստեղծեցին դրական սպասումներուն տեսակէտէ։ Երբ ԵՄ կը ձգտի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացնել, Նիքոս Անասթասիատիս յայտնեց, որ Յունական Կիպրոս կրնայ վեթոյի իրաւունքը օգտագործել Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման դէմ։ «Եթէ Թուրքիա մեզի նկատմամբ պատասխանատուութիւնները չյարգէ, ապա Մաքսային միութեան այժմէականացումը վեթոյի կ՚ենթարկենք», ըսաւ Անասթասիատիս հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին ժամանակ։

Ըստ իրեն, Թուրքիա կը ձգտի կղզիի մէջ հասնիլ երկու պետութիւն ստեղծելու նպատակին։ Սա Յունական Կիպրոսի եւ Եւրոպայի տեսակէտէ անընդունելի է։ Անգարա չի կրնար շարունակել Կիպրոսի Հանրապետութիւնը չճանչնալ եւ ԵՄ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները չյարգել։ «Այս դիրքորոշումը չի կրնար շարունակուիլ, ինչ որ պէտք է նկատի առնուի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ մեր գործընկերներուն կողմէ», ըսաւ Անասթասիատիս։

Ապրիլի 27-29-ին Ժընեւի մէջ նախատեսուած է անպաշտօն խորհրդաժողով մը Կիպրոսի հարցին շուրջ։ Մեկնաբաններու համոզմամբ, Յունական Կիպրոսի ղեկավարութիւնը այս նախաձեռնութեան ընդառաջ կը ջանայ թրքական կողմին վրայ ճնշում բանեցնել։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021