ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԱՆԿԱՄԻՏ ՁԳՏՈՒՄԸ

Սփիւռքը հիմա ինչպէ՞ս կը վերաբերուի Հայաստանին՝ պատերազմի մէջ պարտուելէ յետոյ։ Տարբեր ձեւով։ Եթէ խօսքը 1990-ականներէն ի վեր Հայաստանէն մեկնածներու մասին է, ապա անոնց մէկ մասը գացած է նաեւ այն պատճառով, որ փափաքած է որքան հնարաւոր է արագ մոռնալ Հայաստանի եւ իր հայ ըլլալու մասին։ Անոնց, հետեւաբար, պատերազմը եւ կորուստները քիչ կը հետաքրքրեն։ Նախկին հայաստանցիներու մէկ այլ մասը նախկին իշխանութիւններէն այնքան «վառուած» է, որ նոյնիսկ այս խայտառակ պարտութենէն յետոյ կը շարունակէ երկրպագել Փաշինեանին։ Մեր հայրենակիցներու այդ խումբը այդ առումով իր տրամադրութիւններով կը նմանի Հայաստանի մէջ ապրող փաշինեանական ընտրազանգուածին, որ յունիսի 20-ին պիտի նպաստէ իշխանութեան վերարտադրութեան։ Բայց թէ՛ այստեղ եւ թէ սփիւռքի մէջ այդ զանգուածը մտաւոր եւ շատ դէպքերու մէջ նիւթական առումով առանձին կշիռ մը չունի։ Վերջապէս, կայ արտերկրի մէջ ապրող մեր նախկին համերկրացիներու շերտ մը, որու համար հայրենիքն ու պետութիւնը աւելի կարեւոր են՝ քան նախկին զրկանքները։ Այդ մարդիկ, բնականաբար, խիստ հիասթափութեան եւ ընկճախտի (տեփրեսիոն) մէջ են։

Իսկ աւանադակա՞ն սփիւռքը։ Հիմքեր ունիմ պնդելու, որ անոր վստահութիւնը Հայաստանի նկատմամբ խիստ նուազած է եւ այստեղ դեր խաղացած են քանի մը գործօններ։ Առաջինը, ի հարկէ, ազգային նուաստացումն է, ինչ որ կը կարծեմ, կը զգայ արժանապատուութիւն եւ մտաւոր որոշ ընդունակութիւններ ունեցող ոեւէ հայ։ Բայց այդ նուաստացումը սփիւռքահայերու շրջանակին մէջ կրնայ պատճառ դառնալ ազգային ինքնութեան ճգնաժամի մը։ Մինչեւ 2020 թուականի աշունը անոնք հնարաւորութիւն ունէին օտար միջավայրի մէջ ինքզինքնին զգալու՝ որպէս յաղթող ազգի ներկայացուցիչներ, իսկ հիմա անոնք այդ հնարաւորութիւնը չունին։ Այնուհետեւ, անվստահութեան պատճառներէն են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի, մեղմ խօսքով, կասկածելի գործողութիւնները, որոնք խնդիրներ ստեղծեցին՝ մասնաւորապէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու համար։ (Լաւ է, որ գոնէ այսօր կառավարութեան խելքը կտրեց այդ 52 միլիառը վերադարձնել հիմնադրամին)։ Եւ վերջապէս, ներկայ իշխանութիւններու խօսակցութիւնները այն մասին, թէ հիմա իսկ ճիշդ ժամանակն է բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել մեզ պարտութեան մատնած Թուրքիոյ հետ, նոյնպէս չեն կրնար դիւր գալ սփիւռքահայերուն։

Այսքանով հանդերձ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կան մարդիկ, որոնք «ախտահարուած» չեն նախայեղափոխական եւ յեղափոխական արատներով եւ անոնց սփիւռքահայերը կը վստահին։ Այդ մարդիկ պէտք է մոռնան իրենց քաղաքական նախասիրութիւնները, հաշուի պէտք չէ առնեն, թէ ներկայիս ով կը ղեկավարէ Հայաստանը եւ սփիւռքի իրենց կապերով իրականացնեն գուցէ ոչ այնքան զանգուածային, բայց հայրենիքի համար կարեւոր ծրագրեր՝ ո՛չ միայն բարեգործական, այլեւ՝ ներդրումային, նաեւ մեր հայրենակիցներու փորձառութիւնն ու մտաւոր ներուժը օգտագործելով։ Ի հարկէ, հաշուի առնելով այսօրուայ իշխանութիւններու «առանձնայատկութիւնները», հնարաւոր են «խանդի տեսարանները»։ Առաջ նման ծրագրերու խոչընդոտը փտածութիւնն էր, հիմա՝ ինքնահաստատուելու մանկամիտ ձգտումը։ Սա ալ կրնայ որոշ չափով յաղթահարուիլ քաղաքական ընդգծուած չէզոքութեամբ եւ զուսպ տրամաբանութեամբ։ Բոլոր դէպքերով պատերազմի մէջ նուաստացուցիչ պարտութենէ յետոյ ալ պէտք է ապրիլ եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ազգային ինքնութիւնը վերագտնելու յոյս տալ։ Ի հարկէ անոնց, որոնց այդ յոյսը պէտք է։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021