ԽՈՐԱՑՆԵԼ ԿԱՊԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կանգ առաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութեան վրայ։ Փաշինեան բարձր գնահատեց Փութինի անձնական ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։ Այդ ամբողջին մէջ վարչապետը մեծ կարեւորութիւն վերագրեց՝ ցարդ անլուծելի մնացած ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուած այլ անձերու հարցին։ Փաշինեան ընդգծեց, որ այս խնդրի լուծման շուրջ ռուս ղեկավարին հետ տարաձայնութիւններ գոյութիւն չունին։

Փաշինեան եւ Փութին դռնփակ առանձնազրոյցի անցնելէ առաջ խօսքեր փոխանակեցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Այս փուլին Փաշինեան նշեց, որ Փութինին պիտի առաջարկէ Հայաստանի մէջ նոր աթոմակայան մը կառուցելու հաւանականութեան դիտարկումը։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին։ Այս կապակցութեամբ Փութին յայտնեց, որ Ռուսաստան անհրաժեշտ քանակութեամբ՝ իր կողմէ արտադրուած «Սփութնիկ  V» պատուաստանիւթէն պիտի մատակարարէ Հայաստանին։ Բաց աստի, Վլատիմիր Փութին նշեց, որ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ կարեւոր բաղադրիչ մը կը համարուի առեւտրատնտեսական կապերու եւ փոխադրական երթուղիներու վերականգնումը տարածքաշրջանէ ներս, որպէսզի Հայաստան նոր հնարաւորութիւն ունենայ զարգացման համար։ «Իմ կարծիքով՝ սա շատ չափազանց կարեւոր հանգամանք մըն է», ըսաւ Փութին եւ աւելցուց, որ այս բոլորը կապուած են ներկայ իրավիճակի եւ զարգացման հեռանկարներու հետ։ Իր խօսքով՝ Փաշինեանի հետ երէկուան զրոյցի ընթացքին համապատասխան բոլոր հարցերը օրակարգի վրայ կը գտնուէին։

Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ ընդգծեց նաեւ, որ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէ ներս կարեւորագոյն գործօն կը դառնայ տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար։ Վարչապետը յոյս յայտնեց, թէ Փութինի հետ կը քննարկեն տարածքաշրջանէ ներս, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ու անոր շուրջ, Հայաստանի պարագային, ինչպէս նաեւ, ընդհանուր առմամբ, տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան համակարգերու ճարտարապետութեան վերաբերեալ հարցեր։

Քրեմլինի պալատի երկարատեւ զրոյցէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ռուսահայ խումբ մը իրաւաբաններու հետ։ Այս առթիւ ան տպաւորութիւններ փոխանցեց ռուս ղեկավարի հետ ունեցած զրոյցին շուրջ։ «Փութինի հետ հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ անցաւ, որեւէ փաստաթուղթ չենք ստորագրած, բայց խօսեցանք շարք մը փաստաթուղթերու մասին», ըսաւ Փաշինեան։ Երեքուկէս ժամուայ տեսակցութեան ընթացքին գործնականին մէջ քննարկուած են օրակարգի բոլոր հարցերն ու նրբութիւնները։ «Կրնամ ըսել, որ ընդհանուր առմամբ շատ գոհ եմ հանդիպման արդիւնքներէն։ Ռուսաստանի նախագահին հետ շատ բաց յարաբերութիւններ հաստատուած են՝ մանաւանդ վերջին ամիսներուն յարաբերութիւնները անմիջական դարձած են իրենց բնոյթով։ Այսօր ալ քննարկեցինք մեր երկկողմանի օրակարգի բոլոր հարցերը, անդրադարձանք տարածքաշրջանային, նոյնիսկ միջազգային յարաբերութիւններու հարցերուն», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ անվտանգութեան ոլորտի համար նախապէս ստորագրուած փաստաթուղթերու ապագայ իրագործման շուրջ տեղի ունեցած են կարծիքի փոխանակումներ։ Թէեւ երկու երկիրները զանազան համաձայնութիւններ ստորագրած են, սակայն, Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են նոր իրավիճակի պայմաններով այդ համաձայնութիւններու դրոյթներու իրագործման յստակ ծրագիր մը եւ գործադրութեան միջոցներու վերաբերեալ հարցեր։ «Տեղեակ էք, որ պատերազմէն յետոյ մեր օրակարգի կարեւոր հարցերէն մին բանակի, զինեալ ուժերու բարեփոխումն է, ինչ որ կ՚իրականացնենք Ռուսաստանի մեր գործընկերներու աջակցութեամբ։ Սա եղած է մեր քննարկման կարեւորագոյն հարցերէն մին», ըսաւ Փաշինեան։

Ռուսահայ իրաւաբաններու հետ զրուցելու ժամանակ վարչապետը մանրամասնութիւններ հաղորդեց նաեւ գերիներու վերադարձի հարցին շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն առընչութեամբ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու շուրջ քննարկումներու օրակարգին։ Թէ ի՞նչ արդիւնքներ կան այս պահու դրութեամբ, ի՞նչ ուղղութեամբ պէտք է ընթանալ, ո՞ր կէտերուն շուրջ կան լիարժէք համընկնող տեսակէտներ եւ ո՞ր կէտերուն շուրջ աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի տեսակէտները նոյնականացուին։ Թուարկելով այս բոլորը, Փաշինեան նշեց, որ բանակցութիւններու օրակարգը շատ լայն էր։ «Բան մը ակնյայտ է՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու բնոյթը ռազմավարական է եւ այդ ռազմավարական համագործակցութիւնը պէտք է աւելի մեծ խորութիւն ստանայ՝ հաշուի առնելով նաեւ առկայ մարտահրաւէրներն ու այն իրավիճակները, որոնք մենք ունինք», ըսաւ Փաշինեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին Փաշինեան պատասխանեց նաեւ զանազան հարցումներու եւ այս փուլին դիտել տուաւ, որ Վլատիմիր Փութինի հետ պայմանաւորուած են գերիներու հարցին շուրջ իրականացնել ա՛լ աւելի խտացեալ աշխատանք։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021