ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԱՆՑԱՒ ԴԺՈՒԱՐ ՔՆՆՈՒԹԵՆԷ

Վստահօրէն անցեալ շաբաթ երեկոն անկիւնադարձային գիշեր մը եղաւ Յորդանանին համար։ Իրաւապահ մարմիններ յաջողեցան կանխել պետական հարուածի փորձ մը, որուն գլխաւոր դերակատարը համարուեցաւ թագաւորական պալատի ապահովական նախկին գլխաւոր պետը։

Մինչեւ լուրին տարածուիլը, նաեւ անկէ ետք Յորդանանի հանրութեան մէջ կարծիք ձեւաւորուեցաւ, որ Հիւսէյին թագաւորի որդիներէն՝ Համզա իշխանը ինչ-որ կերպ կապ ունի ստեղծուած անորոշութեան հետ։ Այդ կարծիքը ինչ-որ տեղ աւելի հիմնաւորուեցաւ, երբ պաշտօնական Ամմանի զանազան բանբերներ լուր յայտնեցին, որ Համզա իշխանին հանդէպ ձեռնարկուած են «նուրբ» կարգադրութիւններ, ընդհուպ մինչեւ բնակարանէն չբացակայելու մասին տեղեկութիւններ տարածուեցան։

Աւելի վերջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւններու լուրին առընթեր, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ նաեւ, որ ձերբակալուած է Համզա իշխանը, սակայն ապա հերքուեցաւ։

Ուշագրաւ էր նաեւ, որ ինք՝ Համզա իշխանը «Պի. Պի. Սի.»ին խօսելով համարեա յայտարարեց, որ ինք եւս գոհ չէ երկրի իրավիճակէն։

Բաց աստի, Յորդանանի իրադրութեան հետեւող վերլուծաբաններ շտապեցին յայտնել տեսակէտ, որ ներկայ վիճակը քաղաքական-ապահովական նոր փուլի մը ենթասկիզբն է, եթէ Ապտուլլահ թագաւոր արագ չշարժի ու առաջքը չառնէ «տհաճ միջադէպերու»։

Մինչ այդ, արտաքին ուժերէն, նաեւ ձերբակալութիւններէն ետք Ամմանի գործընկեր ու կշիռ ունեցող տէրութիւններ՝ ԱՄՆ եւ Պարսից ծոցի սիւննի երկիրներ, անմիջապէս իրենց նեցուկը յայտնեցին Ապտուլլահ թագաւորին։

Իրադրութիւնը իր մէջ կը պարփակէր նաեւ անորոշութեան որոշ շեշտադրումներ, տրուած ըլլալով, որ Յորդանանի տնտեսական վիճակը բարւոք չէ, վերջին տարիներուն պայմանաւորուած սուրիացի մեծաթիւ փախստականներ ընդունելու հանգամանքով երկրին մէջ սկսած են երեւելի դառնալ զանազան ընկերային-տնտեսական բարդութիւններ։ Բազմաթիւներու կարծիքով՝ ինչպէս արաբական կարգ մը երկիրներու, այնպէս ալ Յորդանանի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակը կրնայ տեղի տալ բողոքի ցոյերու աճի։ Այս պայմաններու տակ, ձերբակալութիւնները կը ծառայեն այն արտաքին ուժերուն, որոնց շահերէն կը բխի «տակն ու վրայ» ընել երկիրը։

Այստեղ կարեւոր շեշտ մը դնելով հարկ կը համարեմ, որ Ապտուլլահ թագաւոր շնորհիւ իր ձեռներէցութեան եւ հմուտ առաջնորդի համբաւին, կարողացաւ այնպիսի մեծ նեցուկ ապահովել, որ աննախադէպ է վերջին տարիներուն, եթէ հաշուի առնենք Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ կամ նոյնիսկ Ալճերիոյ մէջ արձանագրուած դէպքերը։

Արեւմուտքը, որ միշտ ալ սիրած է «երկարակեաց» արաբ առաջնորդներուն «վերջ մը տալ», այս պարագային վարուեցաւ ճիշդ հակառակը եւ «պահեց» Ապտուլլահ թագաւորն ու «վերանորոգեց» անոր մենիշխանութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի ներքին ճակատին, ապա Ապտուլլահ թագաւոր ծաւալեց քուլիսային մեծ գործունէութիւն եւ կարողացաւ «իր մօտ բերել» Համզա իշխանը, որ վերջին տարիներուն ալ գահաժառանգ իշխանի պաշտօն կը զբաղեցնէր։

Այս մշուշոտ զարգացումներէն ետք, արդէն իսկ պարզ դարձաւ, որ տարածաշրջանին մէջ Յորդանանի դերէն «յոգնած» եւ նոր «սերմեր» ցանել փորձող կողմերը տապալեցան։ Անոնք տապալեցան, որովհետեւ ոչ թէ Ապտուլլահ թագաւոր անփոխարինելի է, այլ Մերձաւոր Արեւելքի ոչ-արեւոտ համապատկերին վրայ անընդունելի է աւելցնել ու կուտակել նոր օճախի բոյներ, որոնք միայն նոր օրհասներ պիտի բերեն շրջանի ժողովուրդներուն։

Ապտուլլահ թագաւոր մեծ յաջողութեամբ անցաւ իր քննութիւնը, իսկ հիմա պէտք է սպասել, որ Արեւմուտքի տէրերը իրապէս պիտի օգնեն Յորդանանին, որպէսզի ան անսասան պահէ իր երկիրը։

Սպասենք…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021