ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ, ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

Ամերիկեան «Foreign Policy» հեղինակաւոր վերլուծական հրատարակութիւնը վերջերս անդրադարձաւ Արցախի վերջին պատերազմին, հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական խնդիրներուն եւ այդ բոլորին կապակցութեամբ Ուաշինկթընի ղեկավարութեան նոր վարչախումբի դերակատարութեան։ «Foreign Policy»ի համար այս բոլորին շուրջ խորհրդածութիւն մը գրի առած է դեսպան Տէնյըլ Պաէր, որ 2013-2017 թուականներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչը եղած է ԵԱՀԿ-ի մօտ։ Ըստ իրեն, նախագահ Ճօ Պայտընի վարչախումբը կրնայ նպաստել, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութիւն հաստատեն։ Դիւանագէտը չորս առանցքներու շուրջ կ՚ենթադրէ այն քայլերը, որոնց շնորհիւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանին մէջ կրնայ աւելնալ Ամերիկայի ազդեցութիւնը։

Ըստ Տէնյըլ Պաէրի, առաջին հերթին ԱՄՆ պէտք է կողմերու վրայ ճնշում գործադրէ՝ հրադադարի համաձայնութեան իրագործման նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ նշուած է, որ տակաւին գերիներ կան եւ անոնց վերադարձը առաջնային պէտք է ըլլայ։

Երկրորդ՝ անհրաժեշտ է աջակցիլ մարդասիրական աշխատանքներուն եւ վերաբնակեցման գործողութիւններուն։ Մատնանշուած են հայոց մտահոգութիւնները՝ կրօնական եւ մշակութային կոթողներու ճակատագրին համար։ Աղբիւրը այս առումով անկարելի կը նկատէ Ռուսաստանի կամ Թուրքիոյ վրայ յոյս դնելը։ Միջազգային հանրութիւնը կրնայ թէ՛ արհեստավարժութիւն եւ թէ վստահելիութիւն ապահովել՝ երկու կողմերու մտահոգութիւններու յաղթահարման համար։ Հակամարտութենէն վերջ պէտք չէ թոյլ տրուի, որ նոր դժգոհութիւններ երեւան գան։

Երրորդ՝ պէտք է վարել տարածքաշրջանային տնտեսական զարգացումը խթանելու ուղղեալ ռազմավարութիւն մը։ Ապագայ անդրսահմանային համագործակցութիւնը խթանելու ամենահաւանական լծակը կը համարուի տարածքաշրջանային տնտեսական նոր ռազմավարութիւնը՝ ներառեալ, ենթակառուցուածքներու զարգացումը։ Միջազգային ներդրումներ կրնան ապահովուիլ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ հարեւան Վրաստանի տնտեսութիւններու ամրապնդման համար։

Չորրորդ՝ վերլուծութեան հեղինակ դեսպանը անհրաժեշտ նկատած է դիւանագիտութեան նոր կեանք տալը։ Ուաշինկթըն եռանդով պէտք է յառաջ մղէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու պարբերական հանդիպումները։ Բաց աստի, Ուաշինկթըն Մոսկուայի հետ բանակցութիւններու պէտք է սկսի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւին շուրջ, որով հրադադարի համաձայնութեան վաւերացումը կը նախատեսուի, ինչ որ հիմք կը հանդիսանայ լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքման համար։

Այս բոլորը մեկնաբանուած են նաեւ համաշխարհային այժմու գործընթացներու եւ միջազգային սուր մրցակցութիւններու տեսանկիւնէն։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց 2020 թուականի վերաբերեալ Ատրպէյճանի մարդու իրաւանց զեկոյցը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ պատրաստուած զեկոյցի հեղինակները անդրադարձած են նաեւ Արցախի պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններուն։ Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է նաեւ այդ պատերազմին Թուրքիոյ կողմէ մասնակցութիւն բերուած ըլլալու հանգամանքը։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021