«ԲԱՐԵԿԱՄ»ՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Վերջին շրջանին համայնքային կեանքէն ներս բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ նորաստեղծ «Բարեկամ» խումբը, որ հետամուտ է ընկերային զօրակցութեան։ Երէկուան ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ համայնքային շրջանակներուն առաւել մօտէն ծանօթացնելու այս խումբի գործունէութիւնն ու նպատակները։ «Բարեկամ»ներու հաւաքոյթին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Ձեռնարկի բացման փուլին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Գարին Ըշըքճը եւ Հերա Միմար, որոնք բացատրութիւններ տուին «Բարեկամ» խումբի հիմնադրութեան փուլերուն, ծաւալած գործունէութեան եւ որդեգրած նպատակներուն շուրջ։ Ընդհանուր առմամբ, այս խումբը իր այժմու գործունէութեան համար կարգախօս դարձուցած է այն մօտեցումը, թէ իւրաքանչիւր երեխայ իրաւունք ունի լաւ կրթութիւն մը ստանալու։

«Բարեկամ»ի նախաձեռնութեամբ մշակուած է ծրագիր մը, որով կը նախատեսուի աշխատանոցներու ձեւաչափին մէջ «Photoshop» համակարգչային ծրագրի ընտելացման դասընթացներ կազմակերպել։ Որպէս մասնագէտ այս աշխատանոցները կը գլխաւորէ Էպրու Արըղ։ Համայնքային յայտնի բարերար, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ հովանաւոր հանդիսացած է այս ծրագրին, որպէսզի ան արդիւնաւէտ ձեւով կեանքի կոչուի։

Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ դրուատիքով արտայայտուեցաւ «Բարեկամ»ներու գործունէութեան մասին՝ արտայայտելով իր գնահատանքն ու աջակցութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յորդորեց, որ աշխատանքները շարունակուին մեկնարկի ոգիով։

Հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի «Բարեկամ» խումբին կողմէ յուշանուէրներ ալ յանձնուին շարք մը անձնաւորութիւններու, որոնք կը խրախուսեն աշխատանքները։ Այս ամբողջին մէջ Տիգրան Կիւլմէզկիլի համար ալ վերապահուած էր յուշանուէր մը, որ յանձնուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ։

Յայտագրի աւարտին ներկաները այս խումբի կամաւորները շրջապատեցին ջերմօրէն՝ յղելով յաջողութեան եւ յարատեւութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022