ՊՐԻՒՔՍԵԼԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախընթաց օր Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովէն առաջ, վարչապետ Փաշինեան ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ Պրիւքսելի բանակցութիւններուն շուրջ եւ հանդէս եկաւ ընդհանուր արժեւորումով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մասնաւորապէս վերջին օրերու լարուածութիւններուն ակնարկելով՝ ան ըսաւ. «Բնականաբար, քննարկում եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգային միջավայրի վատթարացման, մասնաւորապէս Փառուխի դէպքերուն շուրջ։ Բայց այդ քննարկումները չյանգեցուցին իրավիճակի միասնական գնահատականի։ Յստակ այս նիւթի ապագայ քննարկումը ինքս պատեհ չհամարեցի Պրիւքսելի հարթակին վրայ, որովհետեւ խօսքը այնուամենայնիւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտի Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու ներխուժման մասին է։ Այս հարցը աւելի շատ պէտք է քննարկուի Ռուսաստանի գործընկերներու մասնակցութեամբ, ինչ որ մենք կ՚ընենք եւ պիտի ընենք»։
Նկատի ունենալով, որ յառաջիկային Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի պատրաստութեան ուղղեալ բանակցութիւններ կը նախատեսուին՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ հայկական կողմի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունին Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխիքները, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարգավիճակի ճշգրտումը։ Այս հարցերը ընդգրկուած են խաղաղութեան օրակարգի վերաբերեալ հայկական կողմի պատասխաններուն մէջ եւ պէտք է դառնան բանակցութիւններու առարկայ։
Յիշեցնելով Պրիւքսելի մէջ առնուած որոշումները, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վերջին շրջանին փոխանակուած առաջարկները՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այժմ հայկական կողմը այս գործընթացին մէջ էական կը համարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներգրաւումը եւ պէտք է շարունակել աշխատիլ այս ուղղութեամբ։
«Հայաստանը ունի տարածքներ, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ատրպէյճան ունի տարածքներ, որոնք Հայաստանի վերահսկողութեան տակ են։ Այս հարցերը պէտք է լուծուին բանակցութիւններու արդիւնքով, բնականաբար օրինապէս հիմնաւորուած արձանագրումներու, իրաւական նշանակութեամբ փաստերու հիման վրայ։ Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրաւականօրէն սահման մը գոյութիւն ունի եւ սա Խորհրդային ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցած սահմանագիծն է։ Այս արձանագրումով սահմանագծման աշխատանքներուն պէտք է սկսիլ եւ փորձել լուծումներու հասնիլ՝ զուգահեռ միջոցներու ձեռնարկելով անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ», ըսաւ վարչապետը։
Պրիւքսելէ վերադարձին ներկայացուցած բացատրութիւններուն մէջ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարներուն մասին։ Իր խօսքով՝ ապաշրջափակման հարցին վերաբերեալ կողմերու միջեւ արձանագրուած են կարգ մը տարընթերցումներ եւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ շարունակելու համար աշխատանքը, որպէսզի գտնուին լուծումներ։