Ո՞ՒՐ ՓՆՏՌԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԸ

Զի՞ խնդրէք զկենդանին ընդ մեռեալս։
Չէ աստ, այլ յարեաւ. յիշեցէք որպէս
խօսեցաւ ընդ ձեզ մինչ էրն ի Գալիլեա
(Ղուկաս, 24.5-6)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ…

Տիեզերքի պատմութեան ամենակարեւոր ու համակ կեանք բուրող աւետիսն է սա, տրուած՝ մահաբոյր վայրի մը առջեւ, որ է գերեզման։ Վայր մը, որ ոմանց համար վերջակէտն է կեանքին։ Վայր մը, որ ոմանց համար կը խորհրդանշէ կորուստը։ Վայր մը, որ կը յիշեցնէ լացն ու կոծը միայն։ Վայր մը, որ Սուրբ Աւետարանի բառերով «լեցուն է մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ» (Մատթէոս, 23.27)։ Ուր որ ալ գտնուին՝ աշխարհի բոլոր գերեզմանները այս առումով ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունին իրարմէ իրենց պարունակութեամբ։ Սակայն, կայ ճշմարտութիւն մը, որ կը տարբերի բոլոր գերեզմաններէն՝ ըլլալով Սուրբ Գերեզման, որ ուրիշ վայր մը չէ, եթէ ոչ խաչի վրայ Իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդած մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Մարմնին առժամեայ բնակարանը, որ մնաց դատարկ՝ որպէս արդիւնքը սքանչելի Սուրբ Յարութեան հրաշքին։ Յովսէփ Արիմաթացիի սեպհական այս «վիմափոր գերեզմանը» յիրաւի Սուրբ Գերեզման էր, քանի որ «նախապէս բնաւ մէկը դրուած չէր» (Ղուկաս, 23.50-54)։ Կը յիշենք մեր եկեղեցիներուն մէջ ի ժամ Սուրբ Պատարագի երգուած ժողովրդականացած տաղի բառերը.

«Ի գերեզման յարուցելոյն անմահին. Այսօր գոչէր հրեշտակն երկնային. Յարեաւ Քրիստոս. զարթեաւ Քրիստոս. ի կոյս գերեզմանէն, ի լոյս գերեզմանէն»։

Քրիստոս՝ մարմնացեալ Բանն Աստուծոյ, աշխարհ եկաւ Կոյս արգանդէն՝ որպէս Փրկիչ աշխարհի եւ յարութիւն առաւ Կոյս Գերեզմանէն մեղաւոր մարդկութեան նոր կեանք պարգեւելով։

Պետրոս առաքեալ առաքեալներու սեղմ շրջանակին մէջ երբ յայտնեց, թէ իրենց Գալիլիացի Վարդապետը «Աստուծոյ Քրիստոսն» էր, մեր Տէրը եւ Փրկիչը Իր ներկայութեան եղած այս արտայայտութեան փոխադարձած էր ըսելով. «Մարդու Որդին պէտք է շատ չարչարուի եւ անարգուի քահանայապետներէն եւ ծերերէն ու դպիրներէն, եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ» (Ղուկաս, 9.21-22)։ Արդարեւ, Սուրբ Յարութեան հրաշքի ճշմարտութիւնը անջնջելի դրոշմը դրաւ քրիստոսաւանդ արտայայտութեան վրայ, երբ կարգաւ մի առ մի իրականացան նշուած տնօրինութիւնները, որոնք դրսեւորումներն էին Հօր Աստուծոյ անյեղլի կամքին։

Քրիստոս, իր մկրտութենէն յետոյ անապատին մէջ երբ փորձուեցաւ, «Ետիս գնա, սատանայ» ըսելով արդէն իսկ բանաւոր կերպով պարտութեան մատնած էր փորձիչը, որ պարտուած ըլլալով «հեռացած էր Իր քովէն» (Մատթէոս, 4.10-11)։ Քրիստոս ըսած էր, թէ «այս աշխարհի իշխանը Իր վրայ ոչ մէկ իշխանութիւն ունէր» (Յովհաննէս, 14.30)։ Երանի՜ ի Քրիստոս հաւատացեալ եղբայրներու եւ քոյրերու, որովհետեւ ունին զիրենք «քաջալերող Փրկիչ մը, որ յաղթած էր այս աշխարհին» (Յովհաննէս, 16.33)։

Այս անգամ Քրիստոս, Սուրբ Յարութեամբը մահուան դէմ տարած յաղթանակով, զգետնած էր սատանայի ձեռքբերած իբրեւ թէ յաղթանակը։ Յաղթանակ է Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը՝ որպէս արդիւնք սատանայի դէմ մղուած պայքարին։ Սատանան իբրեւ թէ յաղթական դուրս եկած էր մեր նախածնողքին Աստուածային ներկայութենէն հեռացման ճանապարհը յարդարած ըլլալով։ Սատանայի տարած յաղթանակը ուրախառիթ պարագայ մըն էր իրեն համար, քանի մարդուն կեանքէն ներս կրցած էր ներարկել մեղքը, որ էր անսաստումը Աստուածային կամքին։ Այդ անսաստումը հիմնուած էր արգիլեալ պտուղի ճաշակմամբ, որ բնականաբար բերաւ այլ պտուղ մը, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ մահը։ «Մեղքի վարձքը մահ է», կը գրէ Պօղոս առաքեալ (Հռովմայեցիս, 6.23)։

Սուրբ Յարութեան հրաշքը սատանայական սադրանքներով թունաւորուած, մեղքով վիրաւորուած մարդ արարածին համար աստուածապարգեւ հակաթոյնը եղաւ։ Յարուցեալ Քրիստոս մեզի կը ներկայանայ՝ որպէս հակաթոյն, չքացնելու օձի խայթուածքը, նաեւ սպեղանի, որ կը բժշկէր մեր մեղքերուն յառաջացուցած վէրքերը։

Յարութեան աւետիսը ունի իր մէջ հարցում մը. «Ինչո՞ւ մեռելներուն մէջ կը փնտռէք ողջը»։ Իւղաբեր կիներ մտատանջութեամբ եկած էին գերեզման եւ մտահոգ էին գերեզմանի մուտքին գլորուած մեծ եւ ծանր քարին կապակցութեամբ։ Անոնք, իրենց երախտագիտական կեցուածքը դրսեւորելով եկած էին Քրիստոսի անկենդան սուրբ մարմինը խունկով եւ իւղով պատելու առաջադրութեամբ։ Հրեշտակը ո՛չ միայն հարցումի մը կցեալ աւետիսը փոխանցեց, այլեւ յուշարարի դեր կատարեց Քրիստոսի խօսքերը յիշեցնելով։ Կիները թողուցին գերեզմանը եւ իրենց ստացած աւետիսը փոխանցեցին Քրիստոսի յուսալքուած առաքեալներուն։

Քրիստոս կ՚ապրի, ողջ է եւ կը գտնուի հոն, ուր կեանք կը բուրէ։ Իսկութեան մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնն է, որ կեանք կը պարգեւէ։ Արդէն «Կեանքը Անով էր եւ կեանքը լոյս էր մարդոց։ Եւ լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ եւ խաւարը չճանչցաւ զայն» (Յովհաննէս, 1.4-5)։ Քրիստոս կը գտնուի հոն, ուր մարդիկ կը հաւատան, «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը։ Ոչ ոք Հօրը կու գայ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս, 14.6) խօսքին ճշմարտութեան։ Եւ Աստուած «դէպի այս Ճշմարտութեան առաջնորդեց մեզ՝ հանելով խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք, ապականութենէ դէպի անապականութիւն եւ տգիտութենէ դէպի գիտութիւն» (Ժամագիրք)։ Քրիստոս կը գտնուի հոն, ուր «Ես եմ բարի հովիւը, բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» (Յովհաննէս, 10.11) խօսքը կ՚արձագանգէ մարդոց սրտերէն ներս։

Որքան որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է՝ այնքան հեռու է Քրիստոսը սատանայէն։ Անհաւատներ, անօրէններ ու խաւարի որդիներ մինչեւ որ չապաշխարեն ու դարձի չգան, կը մնան սատանայի մօտ։ Քրիստոս չի գտնուիր հոն, ուր մարդիկ իրենց կամքին համաձայն բարոյական կամ նիւթական կուռքեր կը ստեղծեն, կամ իրենց երեւակայութեան մէջ յատուկ պաշտամունքի վայրեր՝ մեհեաններ կը կառուցեն պաշտելու համար իրենց արժէք ընծայած՝ իբրեւ թէ արժէքները։ Ընդհակառակն, Քրիստոս կը գտնուի հոն, ուր մարդիկ «լծակից չեն ըլլար անհաւատներուն» քաջ գիտնալով տարբերութիւնը լոյսին ու խաւարին, Քրիստոսի եւ սատանային, հաւատացեալի եւ անհաւատին (Բ. Կորնթացիս, 6.14-16)։

Քրիստոսը ի զուր կը փնտռեն թշնամութեան, կռիւի, նախանձի, հակառակութիւններու, երկպառակութիւններու, բաժանումներու, սպանութիւններու եւ ընդհանրապէս անբարոյութիւն որակուած արարքներու մէջ։ Ընդհակառակն, կը գտնուի սիրոյ, խնդութեան, խաղաղութեան, համբերութեան, քաղցրութեան, բարութեան, հաւատքի, հեզութեան, ժուժկալութեան մէջ (Գաղատացիս, 5.19-23)։

Քրիստոս ներկայ է բոլոր անոնց մէջ, որոնք անառակ որդիի դարձի օրինակով կը կերպարանափոխեն իրենց կեանքը։ Յարուցեալ Քրիստոսը կը գտնուի Իր Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցիին մէջ։ Քրիստոս կը գտնուի հոն, ուր հաւատացեալներու շրթունքները կը բացուին զԱստուած օրհնելու համար։

Ուրեմն մեզի կը մնայ առ ոչինչ համարել բոլոր անոնց կեանքի օրինակները, որոնք կերպով մը դասակիցները կը դառնան Քրիստոսի ժամանակակից փարիսեցիներու։ Այդ հրեայ առաջնորդները՝ տեսնելով Քրիստոսի հետեւող ժողովուրդը, զարմացած էին եւ ըսած. «Կը տեսնէ՞ք թէ ոչ մէկ օգուտ կ՚ունենաք։ Ահաւասիկ ամբողջ աշխարհը անոր ետեւէն գնաց» (Յովհաննէս, 12.19)։ Քրիստոսը կրնանք գտնել մեղաւորներու հետ սեղանակից, կորսուածը գտնելու առաքելութեամբ։ Քրիստոսը կրնանք գտնել վերնատան մէջ, երբ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց։ Քրիստոսը չենք կրնար գտնել անոնց միջեւ, որոնք խաչով ամէն ինչ վերջացած նկատեցին։ Քրիստոսը չենք կրնար գտնել անոնց մէջ, որոնց համար վիմափոր գերեզմանի դրան քարը, քահանայապետի կնիքը եւ մանաւանդ գերեզմանը պահպանող զինուորները ապահովութեան միջոցներ էին եւ այդ բոլորին ի տես կ՚ուրախանային։ Ընդհակառակն, կը գտնուի անոնց մէջ, որոնք «երեկոյեան լացին դադարումով առաւօտուն ուրախացողներն էին» (Սաղմոսք, 29.6)։

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին կը յիշենք Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն մին՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, որուն վախճանման 850-րդ տարելիցը կը յիշատակուի այս տարի։ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան, որ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կոչմամբ ծանօթ է Եղիշէ Երկրորդ Շնորհալի անունով, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի գրի առած հոգեւոր երգերը թարգմանած է աշխարհաբարի։ Այս թարգմանութիւններէն միոյն մէջ կը կարդանք.

Մեղքին խաւարը տուաւ խոյս,
Քեզմով ծագեց գիտութեան լոյս.
Օձին խայպթուածը բուժուեցաւ,
Փարատեցաւ մեր ախտն ու ցաւ.
Մեռելներուն կեանք կուտաս Դուն,
Լոյս մութի մէջ ապրողներուն,
Օթեւանաց մէջ Հօրդ՝ վե՜րն,
Հանգչեցուր մեր ննջեցեալներն։

(Աստուած անեղ երգի «Խաւար մեղաց հալածեցաւ» տունը)։

Հոգեւոր ուրախութեամբ տօնենք կենսանորոգ Սուրբ Յարութեան աւետիսը եւ բոլորով սրտիւ ողջունենք զիրար, յիշելով շարականի բառերը.

«Այսօր եւ մեք զուարճացեալք պայծառասցուք տօնիւս. ընդ հաշտութեանն աստուծոյ միմեանց արկցուք գիրկս սիրով. եւ միաբան գոչեսցուք Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։

«Այսօր մենք ալ զուարճացած պայծառանանք այս տօնով, Աստուծոյ հաշտութեան հետ սիրով զիրար գրկենք եւ միաբան գոչենք՝ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ»

(Եփրեմ Արք. Թապագեանի թարգմանութեամբ)։

Փառք Քրիստոսի ամենազօր Յարութեան։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023