ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիր։ Ուաշինկթընի մէջ այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի ներկայացուցիչի տեղակալ Տէն Մուլան։ Ստորագրման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ կը գտնուէր Ուաշինկթընի մէջ։
Այս փաստաթուղթով երկու երկիրները կը հաւաստեն իրենց մտադրութիւնը՝ ստեղծելու բարենպաստ պայմաններ ներդրումներու եւ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան, առեւտուրի խրախուսման համար։
Կը նախատեսուի ձեւաւորել առեւտուրի եւ ներդրումներու Հայաստան-ԱՄՆ խորհուրդ մը, որու ժողովները պիտի գումարուին առնուազն տարին անգամ մը։ Այս խորհուրդը կոչուած է՝ բացայայտելու երկկողմանի ներդրումներու եւ առեւտուրի նոր ոլորտներ եւ աշխատանքներ տանելու անոնց զարգացման ու այդ ճանապարհին հնարաւոր խոչընդոտներու վերացման ուղղութեամբ։
Երեւանի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարէին այս փաստաթուղթի ստորագրման յարման ենթագետինը ստեղծելու համար։