TANAP-Ի ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ան­գա­րա­յի մօտ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Ֆա­իք Պա­ղը­րով յայ­տա­րա­րեց, թէ TANAP-ի շրջագ­ծով 2018 թուա­կա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի «Շահ­տե­նիզ 2» հան­քի ա­ռա­ջին կա­զը Թուր­քիոյ վրա­յով պի­տի հո­սի դէ­պի Եւ­րո­պա։ «Մի­լլի­յէթ» օ­րա­թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ դես­պա­նը շեշ­տած է, որ TANAP կը հան­դի­սա­նայ Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Ֆա­իք Պա­ղը­րով անդ­րա­դար­ձած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Ըստ ի­րեն, սա Ատր­պէյ­ճա­նի ա­մե­նա­ցա­ւոտ հար­ցե­րէն մին է։ Ատր­պէյ­ճան եր­բեք պի­տի չըն­դու­նի, որ իր տա­րած­քին 20 տո­կո­սը մնայ բռնագրա­ւուած, ուշ կամ կա­նուխ պի­տի ա­զա­տագ­րէ իր հո­ղե­րը։ Ըստ դես­պա­նին, Ատր­պէյ­ճան կը փա­փա­քի, որ խնդի­րը կար­գա­ւո­րուի խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով, սա­կայն Հա­յաս­տան այս ձե­ւով չի մեր­ձե­նար նիւ­թին եւ կը շա­րու­նա­կէ սահ­մա­նի խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հե­տա­մուտ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբակն ալ դրա­կան լու­ծում­ներ չ՚ար­տադ­րեր այս նիւ­թին շուրջ։

Դես­պա­նը շա­րու­նա­կեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջազ­գայնօ­րէն ճա­նա­չուած սահ­ման­նե­րը խախ­տուած են եւ այս պատ­ճա­ռով ար­դար կող­մը Ատր­պէյ­ճանն է, ո­րու միակ փա­փաքն է բռնագ­րաւ­ման վերջ գտնե­լը։ «Այս պատ­ճա­ռով կը պա­հան­ջենք, որ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թիւ­նը ա­ւելց­նէ զգայ­նու­թիւ­նը եւ բռնա­մի­ջոց­ներ գոր­ծադ­րէ բռնագ­րա­ւիչ երկ­րին դէմ», ը­սաւ Պա­ղը­րով, որու յայտարարութիւնները վերջին շրջաններուն յաճախակիօրէն արձագանգ կը գտնեն թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015