ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նի ի պա­տիւ վեր­ջերս մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած է Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք «Նոր Օր» թեր­թին մէջ այս հան­դի­սու­թեան շուրջ լոյս տե­սած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան (ԹՄՄ) Լոս Ան­ճե­լը­սի եւ Կլեն­տէյլ-Փա­սա­տի­նա մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հանդի­պում-ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ի պա­տիւ միու­թեան Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նատա­յի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նո­րըն­տիր ա­տե­նա­պետ Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նին։

Ե­րուանդ Ա­զա­տեան, փոխ-գան­ձա­պահ Գէորգ Մա­րաշ­լեան եւ վա­րիչ-տնօ­րէն Ա­րամ Ար­քուն Լոս Ան­ճե­լըս կը գտնուէին հան­դի­պե­լու կարգ մը ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թեանց վա­րիչ­նե­րուն հետ, ո­րո­նե­լու հա­մար կա­րե­լիու­թիւն­ներ՝ միու­թեան Ար­շակ Տիգ­րա­նեան վար­ժա­րա­նի բա­րե­րար­նե­րուն ժա­ռան­գը շա­րու­նա­կե­լու, ու­սում­նա­կան ո­լորտ­նե­րու մէջ։

Հոս պէտք է ա­ւելց­նել, որ Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը նշա­նա­կած է յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը (Feasibility Committee), ո­րու պար­տա­կա­նու­թիւնն է ու­սում­նա­սի­րել Մեծն Լոս Ան­ճե­լը­սի հա­յա­հոծ շրջան­նե­րը, ուր հա­յե­րէն լե­զուի ու­սուց­ման կա­րի­քը կայ եւ յանձ­նա­րա­րել մի­ջոց­ներ, թէ ինչ­պէս գո­հա­ցում կա­րե­լի է տալ այդ պա­կա­սը լրաց­նե­լու հա­մար։

Օգ­տուե­լով Ա­զա­տեա­նի, Մա­րաշ­լեա­նի եւ Ար­քու­նի Լոս Ան­ճե­լըս գտնուե­լու պա­տեհ ա­ռի­թէն, միու­թեան Ա­րեւմ­տեան ա­փի զոյգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րը (Լոս Ան­ճե­լըս եւ Կլեն­տէյլ-Փա­սա­տի­նա) կազ­մա­կեր­պե­ցին վե­րո­յի­շեալ հան­դի­պում-ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ միու­թեան Ալ­թա­տի­նա­յի «Պէշ­կէ­թիւ­րեան» կեդ­րո­նին մէջ։

Կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին կող­մէ Գէորգ Քէօշ­կէ­րեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց միու­թեան ներ­կայ ան­դամ­նե­րուն, հա­մա­կիր­նե­րուն եւ բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ա­պա հրա­ւի­րեց Տ. Զա­ւէն Ա­. Քա­հա­նայ Ար­զու­մա­նեա­նը, որ­պէս­զի օրհ­նէ սե­ղա­նը։

Ճա­շի սպա­սար­կու­թե­նէն ետք, Քէօշ­կէ­րեան ներ­կա­յա­ցուց հիւ­րե­րը եւ հրա­ւի­րեց ա­տե­նա­պետ Ա­զա­տեա­նը, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նէ Կեդրո­նա­կան վար­չու­թեան ծրագ­րած գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը, ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ։

Ա­զա­տեան դի­տել տուաւ, որ հա­զո­ւա­գիւտ է, որ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն մը կո­չուի ան­ձի մը ա­նու­նով։ Սա­կայն՝ ան­մի­ջա­պէս ա­ւել­ցուց ան, բա­նաս­տեղծ­նե­րու իշ­խան Վա­հան Թէ­քէեան ո­րե­ւէ պարզ մահ­կա­նա­ցու մը չէ, այլ մեր ազ­գի ան­ցեա­լին մէջ լիո­վին մխրճուած ու փայ­լուն տես­լա­կա­նով մը շէն­շող ա­պա­գա­յին նա­յող ե­զա­կի անձ մը, որ հպար­տու­թեամբ կը լեց­նէ մէն մի հա­յուն սիրտն ու հո­գին. Թէ­քէեան անձ մը ըլ­լա­լով հան­դերձ խորհր­դա­նիշ մը դար­ձած է ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան:

Երուանդ Ա­զա­տեան շա­րու­նա­կեց. «Մենք դժուար ճա­կա­տա­մար­տեր կը դի­մագ­րա­ւենք այ­սօր ու թէեւ մեր միու­թիւ­նը յա­րա­բե­րա­բար ե­րի­տա­սարդ է՝ հիմ­նուած 1947 թուա­կա­նին, սա­կայն հա­րուստ է ար­դիւ­նա­բեր գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ որ կը տա­րա­ծուի Լի­բա­նա­նէն մին­չեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Գա­նա­տա, Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ»։

­Թուե­լով միու­թեան նա­խա­ձեռ­նած ծրա­գիր­նե­րը՝ Ա­զա­տեան նշեց՝ «Ու­սու­ցիչ մը հո­վա­նա­ւո­րե­լու» գա­ղա­փա­րը՝ որ յղա­ցուած էր տաս­նեօթ տա­րի­ներ ա­ռաջ եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի։ Միու­թիւ­նը նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն կը տրա­մադ­րէ հինգ Վա­հան Թէ­քէեան դպրոց­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ գոր­ծա­ւոր­նե­րուն՝ Ե­րե­ւա­նի, Կար­պիի, Կիւմ­րիի, Ստե­փա­նա­վա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։

Ա­զա­տեան հպար­տու­թեամբ ար­տա­յա­տուե­ցաւ այն մա­սին, թէ Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը ա­ռա­ջինն էր, որ հաս­տա­տած էր մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն մը Հա­յաս­տա­նի մէջ, եւ այդ՝ ան­կա­խու­թե­նէն ան­միջ­պէս ետք։ Ան նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ միու­թեան որ­դեգ­րած սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թեան՝ մեր լե­զուն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ առ այդ, այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ հիմ­նուած է գրա­կան ու գե­ղա­րուես­տա­կան հինգ մրցա­նակ­ներ, ո­րոնք մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն կը ստեղ­ծեն։

Գրա­կան եւ գե­ղա­րուես­տա­կան գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը՝ Ա­զա­տեան ը­սաւ. «Մի այլ ծրա­գիր մըն է, ո­րուն Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը զարկ կու տայ՝ քա­ջա­լե­րե­լու գրա­կա­նու­թեամբ զբա­ղուող մտա­ւո­րա­կան­նե­րը։ Մենք ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր հրա­տա­րա­կած ենք քսան գրա­կան հա­տոր­ներ եւ նոյն թի­ւով պատ­մա­գի­տա­կան եւ գրա­կա­նա­գի­տա­կան գոր­ծեր եւ այս կա­րե­ւոր գոր­ծը դեռ պի­տի շա­րու­նա­կուի»։

­Խօ­սե­լով միու­թիւ­նը մտա­հո­գող հար­ցե­րու մա­սին, Ա­զա­տեան ցաւ յայտ­նեց, որ պէտք ե­ղած չա­փով չեն կրցած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ներգ­րա­ւել ղե­կա­վար շար­քե­րէն ներս։ «Սերն­դա­փո­խու­թիւ­նը խիստ անհ­րա­ժեշտ է ո­րե­ւէ միու­թեան մը, ար­պէս­զի ժա­մա­նա­կին հետ քայլ պա­հէ ան ու լճաց­ման չեն­թար­կուի», շեշ­տեց Ե­րուանդ Ա­զա­տեան։ Ա­նոր գլխա­ւոր նպա­տա­կը կը մնայ սերն­դա­փո­խու­թիւ­նը: «Ու­րիշ խո­ցե­լի կէտ մըն ալ մեր ազ­գին մէջ այն է թէ՝ ի­րենց գոր­ծե­րուն մէջ յա­ջո­ղու­թիւն գտած ան­հատ­ներ, յա­ճախ անճր­կած են հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ ու չեն կրցած հասց­նել այդ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ի­րենց կեր­տած անձ­նա­կան յա­ջո­ղու­թեանց մա­կար­դա­կին», ը­սաւ Ա­զա­տեան։

Ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հարց-պա­տաս­խան։ Երուանդ Ազատեան պատաս­խա­նեց բոլորի հարցումներուն։ Իսկ խիստ հե­տաքրք­րա­կան ու տե­ղին էր Պերճ Տէր-Սա­հա­կեա­նի հար­ցու­մը, թէ ին­չո՞ւ Վա­հան Թէ­քէեա­նի ա­նու­նով փո­ղոց մը չէ ա­նուա­նուած Ե­րե­ւա­նի մէջ, հա­կա­ռակ որ Վա­հէ Վա­հեա­նի ա­նու­նով փո­ղոց մը գո­յու­թիւն ու­նի։

Ա­զա­տեան պա­տաս­խա­նեց, թէ վեր­ջերս Դա­նիէլ Վա­րու­ժանն ալ ար­ժա­նա­ցած էր այդ պա­տի­ւին եւ կը յու­սայ, որ շու­տով կար­գը կու գայ Վա­հան Թէ­քէեա­նին…

Ապա փոքր խում­բե­րով հա­ճե­լի զրոյց­նե­րը դեռ եր­կար շա­րու­նա­կուե­ցան, գա­ւաթ մը սուր­ճի շուրջ, մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով բո­լո­րին։

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2017