ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ անմոռանալի ելոյթով մը։ Միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Եւ այդ երկար սպասումէն վերջ «Մարալ» հերթական անգամ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի կողմէ գլխաւորուած խումբը, որ մեր ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն է, վերջին շրջաններու իւրաքանչիւր ելոյթով կու գայ ապացուցանել, որ յարատեւ վերելքի մը մէջ է ու կը յառաջդիմէ հետեւողականօրէն։ Երէկուան ելոյթն ալ եղաւ այսպէս։ «Մարալ» տարաւ նոր յաղթանակ մը եւ այդ փայլուն արդիւնքը եկաւ արդէն նոր նշաձող մը սահմանել համոյթի ապագայ ակնկալութիւններու եւ յաջողութիւններու ճանապարհին։ Խումբին այս յաջողութիւնը շատ թանկ ու եզակի նուէր մը եղաւ թէ՛ մեր համայնքին եւ թէ Էսաեան սանուց միութեան համար։ Այժմու իրականութիւնը այն է, որ «Մարալ»ն ու Էսաեան սանուց միութիւնը այլեւս նոյնացած են։ Հետեւաբար, միութեան յոբելեանի արժեւորման առումով կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ համոյթի արձանագրած գերազանց յաջողութիւնը։
Անշուշտ, անմէն գնահատանքէ վեր են Կարպիս Չափքանի կողմէ ի գործ դրուած գերմարդկային ջանքերն ու անսպառ եռանդը։ Երէկուն ելոյթի ընթացքին հանդիսատեսներու հայեացքին առջեւ այնքան պատկառազդու դրուագներ պարզուեցան, որ անվիճելիօրէն մատնեցին իր կարողութիւնը։ Ան յաջողած էր իր երեւակայութեամբ, տեսլականով ճարտարօրէն զուգորդել իր խումբը եւ արդիւնքին քաղուածը, մատուցուածը իսկական վայելք մը, որակեալ արուեստով ըմբոշխնուած հաճոյք մը եղաւ ներկաներուն տեսակէտէ։ Կարպիս Չափքան հետզհետէ աւելի խորքային կը տիրապետէ հայկական ժողովրդական արուեստին եւ զուգահեռաբար հետզհետէ աւելի յստակ պատկերացում մը կազմած է, որ այդ ներշնչումով, կամ յանուն անոր, մեր արդի հանդիսատեսին ի՛նչ պէտք է ներկայացնել՝ մագնիսացնելով անոր ուշադրութիւնը։ Այդ պատկերացումը կրնայ, բնականաբար, ըլլալ ենթակայական, կրնայ չընկալուիլ միանշանակ, սակայն անանտեսելի փորձառութիւն մըն է։ Արդարեւ, իր հայեացքով, դատողութիւնով տեսած գործը եւ ապահոված ձգողականութիւնը կը պայմանաւորեն թրքահայ այժմու իրականութենէն ներս որոշ խաւի մը շփումը հայ մշակոյթին հետ ու նոյնիսկ այդ խաւը ձեւով մը հաղորդ կը պահեն իրենց ինքնութեան։ Առկայ մեր պայմաններով, երբ լեզուի իմացութեան ջոկատին վրայ կացութիւնը անմխիթար է, լեզուէ անկախ արուեստի ճիւղերը կը ներկայացնեն չափազանց նշանակութիւն։ Այս ամբողջին մէջ արդէն աւելի կը բիւրեղանայ՝ այս ելոյթի ներշնչանքի աղբիւրներուն իմաստը։ Յայտագրի ողնայարը կազմեցին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արամ Խաչատուրեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի գործերը։ Անուններ, որոնք իրենց ստեղծագործած ժամանակաշրջաններուն համադրած ու նորովի մատուցած են մեր ժառանգութիւնը։ Կարգախօսն ալ ինքնուրոյն էր իսկապէս. «Անոնց երգերը պար, պարերը երգ էին»։ Հուսկ, Կարպիս Չափքանի առաջնորդած «Մարալ»ը փայլուն օրինակ մըն է՝ մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս մէկ քարով մէկէ աւելի թռչուն որսալու տեսակէտէ։ Վարձքը կատար, ծափահարութիւնները կը համարուին իր արդար իրաւունքը։
Այս շարունակական վերելքին եւ յաջողութիւններուն մէջ անփոխարինելի բաժին մը ունի նաեւ Հայկ Գրիգորեանի կողմէ գլխաւորուած նուագախումբը, որու հետ շատ արդիւնաւոր համագործակցութիւն կը ծաւալէ «Մարալ»։ Իւրաքանչիւր ելոյթի համար Երեւանէն փութալով համոյթին կը միանան այս վարպետ նուագողները, որոնք իրենց կատարողական ընդունակութիւններն ու արհեստավարժ փորձառութիւնը կը միացնեն «Մարալ»ի երիտասարդներու եռանդին։ Մեներգիչներ՝ Արաքսիա Ամիրխանեան եւ Էտկար Խաչատրեանն ալ աւելցուցին երէկուան երեկոյթին փայլը։
«Մարալ»ի ելոյթը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ, Հարպիյէ։ Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Ամբողջութեամբ լեցուն էր դահլիճը, ուր հանդիսատեսները վառ հաղորդակցութիւն մը հաստատեցին համոյթի անդամներուն հետ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժպիտ Քալայճըի։ Ներկայացուած պարերու մասին տեղեկութիւններ զուգորդուեցան՝ Արամ Կոստանեանի ձայնով։ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։
Ներկաներու շարքին էին՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, երեսփոխան Սելինա Տողան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար, իր խորհրդականը՝ Նուրհան Փալաքօղլու, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ այլք։
Յուշանուէրներ յանձնուեցան Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին, Մուրատ Հազինէտարին, Վազգէն Պարընին, Նուրհան Փալաքօղլուին, որոնք զօրակցած էին այս ծրագրին։ Հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Մշակոյթի նախարար Նապի Ավճըին։ Շնորհակալութիւններ փոխանցուեցան նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւին։ Իր կարգին Մուրատ Հազինէտարն ալ արտասանեց շնորհակալութեան խօսք մը։ Յուշանուէրներ ստացան նաեւ՝ Կարպիս Չափքան, Հայկ Գրիգորեան, Սարեմ Շեշեթեան եւ Արամ Կոստանեան։ Երախտագիտութեամբ ընդգծուեցան կարգադիր յանձնախումբի ջանքերը՝ գլխաւորութեամբ Սելմա Իսքէնտէրէօզի։
*
Ծ.Խ.- Երէկուան ձեռնարկին ընթացքին Պատրիարքարանի շուրջ առկայ տագնապին հետեւանքով մեր ժողովուրդին մօտ կուտակուած վրդովմունքն ալ ունեցաւ զանազան դրսեւորումներ։ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ արտասահմանէն փոխանցուած օրհնութիւնները ընկալուեցան բուռն ծափողջոյններով։ Այս նկարագրականին մէջ մնացեալ մանրամասնութիւններուն մէջ չենք խորանար՝ ձեռնարկի գեղարուեստական բնոյթը շուքի տակ մնալէ զերծ պահելու համար։