«ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԿԻՆԵՐ»

Յունաց Զափիոն վարժարանէն ներս երէկ բացուեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ յատկանշական ցուցահանդէս մը։ Անցեալէն դէպի ներկայ՝ իրենց ասպարէզին մէջ աննախընթաց յաջողութիւններու հասած իգական սեռի ներկայացուցիչները կը ծանօթացուին այս ծրագրով։

Այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ կը նշուի Վաքըֆներու շաբաթը։ Այս տարուան ծրագիրը ձօնուած է այն կանանց, որոնք հիմնած են վաքըֆներ։ Ի շարունակութիւն կազմակերպուած է սոյն ցուցահանդէսը, որով կը ներկայացուին փոքրամասնութիւններու ռահվիրայ կիները։

Երէկուան բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, Վաքըֆներու Իսթանպուլի առաջին շրջանի տնօրէն Էպրու Կիւնայտըն եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Ելոյթներ ունեցան հիւրընկալ վարժարանի տնօրէն Անտոնիս Իլիատիսին, Մորիս Լեւի եւ Էպրու Կիւնայտըն։

Մորիս Լեւի մատնանշեց, որ փոքրամասնութիւնները թէեւ չունին վաքըֆ հիմնած կանայք, սակայն այդ հաւաքականութիւններու կիները լուրջ զօրակցութիւն կը բերեն վաքըֆներուն։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։  

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018