ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՐՊԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՎՈՒՉԻՉԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Երկու ղեկավարները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ 

Էրտողան այս առթիւ յայտարարեց, որ Պալքաններէ ներս Թուրքիոյ կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը, Պոսնա Հերսէքի եւ Սերպիոյ հաստատուած ամուր յարաբերութիւնները անհանգստութիւն կը պատճառեն ոմանց։ Թուրքիոյ ջանքերը լուրջ հարուած կը հասցնեն անոնց, որոնք տագնապներու եւ անկայունութիւններու վրայ հաշուարկներ կ՚ընեն։ «Մենք անոնց կը յանձնարարենք նպաստել՝ Պալքաններու մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Արեւմուտքը չի կրնար մարսել տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիոյ կողմէ առնուած քայլերը։ Յամենայնդէպս Պալքաններու պարագային Թուրքիա խտացեալ ձեւով կ՚ընէ իր հնարաւորը։

Թուրքիա-Սերպիա բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի Անգարայի ժողովի լոյսին տակ Էրտողան յայտնեց, որ երկու երկիրները կը նախատեսեն 5 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնել իրենց առեւտուրի ծաւալը։

Իր կարգին, Վուչիչն ալ յայտնեց, որ իր այցելութեան ծիրէն ներս ծաւալուած են շատ կարեւոր քննարկումներ։ Ան մատնանշեց, որ Էրտողան լուրջ նպաստ մը կը բերէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման։ Հիւր նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Պալքաններէ ներս խաղաղութեան եւ վստահութեան հաստատման ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ բերուած նպաստին համար։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018