ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՈՍՏՈՒՄ

Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու յայտարարեց, որ դպրոցի շէնքի յարակից մեծ շինարարութիւնը, ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին, աւարտին պիտի հասնի 2019-ի Մարտին։

Մխիթարեանցիներու շաբաթավերջի խաւիծի օրուան առթիւ Պերճ Մենզիլճիօղլու ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցեց հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ։ Այսպէս, Մխիթարեան վարժարանի այս տարուան պիւտճէն հասած է շուրջ 5 միլիոն լիրայի մակարդակին։ Դպրոցին յարակից կը շարունակուի հսկայ շինարարութիւնը։ Շինարար ընկերութիւնը ամէն ամիս կանոնաւոր ձեւով 320 հազար լիրա կը վճարէ Մխիթարեանի վաքըֆին։ Այս գումարը կը դիմագրաւէ դպրոցի ամսական ծախսերուն 75 տոկոսը։ Մնացեալ բաժինն ալ կը հաւասարակշռուի ծնողներու նուիրատուութիւններով ու մանաւանդ մասնաւոր վարժարանները խրախուսելու առաջադրութեամբ պետութեան կողմէ տրամադրուող միջոցներով։ Մխիթարեանի ամբողջ հասոյթը ի սպաս կը դրուի աշակերտներուն աւելի լաւ կրթութիւն մը ջամբելու նպատակին համար։ 

Պերճ Մենզիլճիօղլու մատնանշեց, որ վերջերս ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Մխիթարեանի համակարգչային ենթակառուցուածքը։ Բաց աստի, ան տեղեկացուց, որ դպրոցի յարակից տարածքին վրայ ձեռնարկուած շինարարութիւնը պիտի աւարտի յաջորդ տարուայ Մարտին։ Մխիթարեանի վաքըֆը պիտի դառնայ շէնքի 45 տոկոսի սեփականատէրը։ Մնացեալ 55 տոկոսը պիտի պատկանի շինարար ընկերութեան։ Ներկայիս շէնքի ընդհանուր կառուցումը վերջացած է եւ սկսած են ներքին բաժիններու աշխատանքներուն։ Մխիթարեանը ապագայ վարձակալութիւններու համար որդեգրած է շինարար ընկերութեան հետ զուգընթաց դիրքորոշում մը։ Ներկայիս շփումներ յառաջ կը տարուին՝ առեւտուրի կեդրոններ վարձակալող ու կառավարող ընկերութեան մը հետ։ Բաց աստի, համալիրը պիտի ընդ-գըրկէ 150 սենեակներէ բաղկացեալ պանդոկ մը, որու ընդհանուր մակերսը պիտի կազմէ 13 հազար քառակուսի մեթր։ Այս բաժնի արժեւորման համար ալ շփումները կը շարունակուին եւ անշուշտ հաշուի կ՚առնուի նաեւ տնտեսութեան ընդհանուր ընթացքը։ Հիւրանոցի բաժնի արժեւորման համար մխիթարեանցիները կը դիմեն նաեւ խորհուրդներուն՝ դպրոցի նախկին սաներէն Արմին Ծերունեանի, որ «Հիլթըն» համաշխարհային ցանցի Թուրքիոյ շրջանային պատասխանատուն է։

Պերճ Մենզիլճիօղլու խաւիծի օրուան ընթացքին բացատրեց նաեւ, որ դարձեալ դպրոցին պատկանող՝ Սիւլէյման Նազիֆ փողոցի վրայի տուներն ալ պիտի արժեւորուին նոյն սկզբունքով։ Այդ հատ-ւածէն ներս ալ կ՚իրականաց-ւին շինարարական աշխատանքներ։ Երբ ծրագիրը կեանքի կոչուի, ապա դարձեալ 45 տոկոսը պիտի պատկանի Մխիթարեանի վաքըֆին եւ 55 տոկոսը բաժին պիտի հասնի շինարար ընկերութեան։ Սա խորքին մէջ ծաւալուն վերանորոգութեան աշխատանք մըն է։ Ֆիզիքապէս դպրոցին ամենամօտ դիրքի վրայ գտնուող երկու շէնքերը վերանորոգուած են ու միացուած։ Անոնք յատկացուած են Մխիթարեան սանուց միութեան, վարժարանի ծնողաց միութեան ու վաքըֆին։ Մխիթարեանի ընտանիքին համար ծառայութիւն մատուցող այս բաժանմունքները համախմբուած են նոյն երդիքին տակ՝ որպէսզի գործեն համակարգուած ձեւով ու բարձր կեդրոնացումով։

Պերճ Մենզիլճիօղլու ընդգծեց, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը կը կարօտի փակ մարզասրահի մը եւ թատերասրահի մը։ Երբ ծաւալուն շինարարական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին, միւս կողմէ ալ այս երկու կարեւոր առաջնահերթութիւնը կը մնայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ։ Պերճ Մենզիլճիօղլու նշեց, որ շինարարութեան յանձնախումբ մը կ՚օժանդակէ Մխիթարեանի պատասխանատուներուն։ Այդ յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Հրանդ Քալաթաշ, Սարվէն Չիլիկիրօղլու եւ Դաւիթ Քէօլէդաւիթօղլու։ Յանձնախումբի անդամներուն առընթեր Պերճ Մենզիլճիօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ շինարար Մեհմէտ Ույանօղլուին, որու ղեկավարած ընկերութիւնը նախանձախնդիր եւ հարթ ձեւով յառաջ կը տանի կառուցման աշխատանքները։  

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018