ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովը այսօր դարձեալ արտահերթ նիստ մը կը գումարէ՝ յեղափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ ընտրելու համար երկրի վարչապետը։ Շաբաթ մը առաջ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւանութիւն չէր տուած յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելուն։ Այսօր, ամենայն հաւանականութեամբ Փաշինեան կը ստանձնէ երկրին ղեկը։ Արդարեւ, Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշած է ընթացք տալ Փաշինեանի թեկնածութեան։

Երէկ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդէս եկաւ հանրահաւաքով մը։ Այս հանրահաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ ամերիկահայ յայտնի երգիչ Սերժ Թանկեան, որ ծանօթ է Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին վերաբերեալ քննադատական հայեացքներով։ Սերժ Թանկեան եւ Նիկոլ Փաշինեան պահ մը միասնաբար երգեցին հրապարակի ցուցարարներուն համար։

Մինչ այդ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդէս եկաւ ուղերձով մը։ «Եթէ կ՚ուզենք այս իրավիճակէն դուրս գալ շահած, իսկ մենք պարտաւոր ենք շահած դուրս գալու, խնամքով պէտք է հունի մէջ դնենք այն վիթխարի եռանդը, որ մեր հասարակութիւնը կուտակած է այս օրերուն եւ պահպանենք այն վարկը, որ Հայաստան համաժողովրդական շարժման շնորհիւ ձեռք բերած է միջազգային հանրութեան առջեւ», նշեց Արմէն Սարգսեան, որու համոզմամբ բոլոր հարցերը կարելի է լուծել ազգային համաձայնութեան ոգիով։  

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018