ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԾԵՐ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Միջկառավարական յանձնաժողովի ռազմավարական երկխօսութեան խումբի նիստը։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթ այս երկխօսութեան ընթացքին գլխաւորեց հիւր պատուիրակութիւնը։ Հայկական պատուիրակութեան գլուխը գտնուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Գրիգոր Յովհաննիսեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու կառավարութիւնները վերահաստատեցին յարաբերութիւններու յետագայ ամրապնդման իրենց յանձնառութիւնը։ Երէկուան ռազմավարական երկխօսութեան ընթացքին պատուիրակութիւնները քննարկեցին համապատասխան բարեփոխումներու եւ ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու խթանման շուրջ համագործակցութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ համաշխարհային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան, իրաւապահ ոլորտէ ներս համագործակցութեան, աջակցութեան եւ փոխադարձ բարեկեցութեան խթանման հարցերուն։ Բանակցութիւններէն վերջ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր, որոնց շնորհիւ Հայաստան զանազան ոլորտներու պարագային պիտի վայելէ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը։ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնն ալ ազդարարեց երկու-երեք տարուան տեւողութեամբ նոր նախաձեռնութիւն մը։

Բանակցութիւններուն զուգահեռ Ճորճ Քենթ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Մնացականեան նշեց, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները բաւական ամուր հիմքերու վրայ են եւ Հայաստան յանձնառու է ձեռնարկել քայլերու՝ երկկողմանի օրակարգի առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ։ Այս առընչութեամբ երկուստեք ընդգծուեցաւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Բաց աստի, կարեւորուեցան զանազան ձեւաչափերով պարբերական հանդիպումներն ու փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն քննարկելու գործընկերային օրակարգի ընդլայնման ուղղեալ քայլերը։

Մնացականեան ներկայացուց Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումները եւ ժողովուրդի կողմէ լայն լիազօրութեան հիման վրայ կառավարութեան ձեռնարկած բարեփոխումներու գործընթացը։ Այս առընչութեամբ ան կարեւորեց միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեան շարունակականութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու խթանման ու արձանագրուած ձեռքբերումներու ամրապնդման ուղղութեամբ։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով գործընկերութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ հայկական կողմի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը։

Միւս կողմէ, Ճորճ Քենթ Երեւանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար ալ յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Համամիտ ենք տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ուժի բացառման սկզբունքներուն», ըսաւ ան։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչախումբի Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ պատկերացումներուն անդրադառնալով՝ Ճորճ Քենթ ըսաւ. «Մեր յոյսը եւ ակնկալութիւնը այն է, որ բոլոր երկիրները խաղաղ եւ անվտանգ կերպով համագոյակցին իրենց դրացիներուն հետ։ Ճիշդ այս նպատակով ալ մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ ենք եւ մենք կ՚աշխատինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը»։

Երեւանի յայտարարութիւններուն մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը մատնանշեց նաեւ հետեւեալը. «Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններ, որոնց կազմին մէջ են նաեւ Հարաւային Կովկասի երկիրները, Ռուսաստան եւ ԱՄՆ, համաձայնած ենք այն սկզբունքին շուրջ, թէ պէտք է բացառուի ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը, նաեւ համաձայնած ենք տարածքաշրջանային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներուն շուրջ»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019