ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՄԵՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄՆ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութեան խնդրին։ Ան յայտնեց, որ Իսթանպուլի մէջ կրկնուելիք ընտրութիւններուն ժամանակ թեկնածուները փոփոխութեան պիտի չենթարկուին։

«Իսթանպուլի ընտրութեան թեկնածուները յայտնի են եւ այս պահուն մեր թեկնածուն ալ Պինալի Եըլտըրըմն է», ըսաւ Էրտողան։

Ներքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ կատարեց նոր կարգադրութիւն մը, որով Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա, պաշտօնի կոչուեցաւ՝ որպէս փոխ-գլխաւոր քաղաքապետ, մինչեւ նոր քաղաքապետի ընտրութիւնը։

Միւս կողմէ, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ երէկ բուռն հակազդեցութիւնով հանդէս եկաւ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի որոշման դէմ։ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու յայտնեց, որ բոլոր ընտրութիւններու արդիւնքները մնացած են ստուերի տակ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019