ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱԲԱՇԽՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ աւարտեց իր հովուապետական այցելութիւնը դէպի Կրետէ կղզի։ Իր գահակալութեան երկու տասնամեակներու ժամանակաշրջանին Վեհափառ Հայրապետը առաջին անգամ այցելեց Կրետէ եւ ընդհանրապէս Յունաստան։ Այս առումով յատկանշական ուղեւորութիւն մը հանդիսացաւ այս մէկը, որու շարժառիթը եղաւ Կրետէի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայկական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։ Այցելութեան օրերուն Վեհափառ Հայրապետը խաղաղութիւն մաղթեց համայն աշխարհին համար եւ աղօթեց, որ Աստուած ազգերը առաջնորդէ սիրոյ ու եղբայրութեան մէջ։

Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Կրետէի առաջնորդարանին մէջ Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալելու ժամանակ Իրինէոս Արքեպիսկոպոսը մատնանշեց, որ Կրետէի հայկական եկեղեցին սովորական սրբավայր մը չէ, որովհետեւ Եւրոպայի հնագոյն հայկական եկեղեցիներէն մին է։ Ան միեւնոյն ժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ Վեհափառ Հայրապետը առաջին անգամ կ՚այցելէր Կրետէ եւ սա շնորհաբաշխում մը կը համարուէր ամբողջ կղզիի համար։ Իրինէոս Արքեպիսկոպոս շեշտը դրաւ եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու պարագային իրարու պատմութեան եւ ժառանգութեան նկատմամբ յարգանք տածելու եւ ներդաշնակ համակեցութեան մէջ գտնուելու հանգամանքին վրայ։ Քրիստոնէութիւնով ազատութեան պարագան ալ կարեւորելով՝ Իրինէոս Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Մեզ շատ աւելի բան կը միացնէ՝ քան կը բաժնէ։ Ձեր ներկայութիւնը եւ օրհնութիւնը կը հաստատէ Կրետէ կղզիի խճանկարին մէջ հայոց տեղը»։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունելու ժամանակ ան յայտնեց, որ Կրետէի արքեպիսկոպոսութիւնը կիսաինքնավար է եւ իրենք կապուած են Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ ընդգծեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներու յարաբերութիւնները սիրով ու եղբայրութեամբ յատկանշուած են դարերու մէջ եւ այսօր ալ կ՚ընթանան նոյն ձեւով։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդները աշխարհասփիւռ են, կրած են նման ճակատագրեր եւ աշխարհի վրայ ամէնուրեք հայ եւ յոյն համայնքները կ՚ապրին եղբայրական սիրով ու համագործակցութեամբ։

«Մենք եկեղեցիներու բազմազանութիւնը կը նմանցնենք Քրիստոսի խճանկար պատկերին եւ այդ բազմազանութեան մէջ կը պարզուի անոր ճշմարիտ պատկերը։ Մեր հայրապետները եկեղեցիներու բազմազանութիւնը նմանցուցած են ծաղկեփունջի մը, ուր իւրաքանչիւր եկեղեցի կը ներկայանայ իր ուրոյն գոյնով ու բոյրով», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց, որ եկեղեցիներու կապերը պէտք է ամրապնդուին, որպէսզի միասնաբար դիմագրաւուին մարդկութեան առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրները։

Նորին Սրբութիւնը Կրետէի արքեպիսկոպոսարանին մէջ ընդգծեց, որ դրական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան միջեւ։ Ան յիշեցուց, որ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը երկու անգամ այցելած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։ Վեհափառ Հայրապետը երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ կարեւորեց նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի դերակատարութիւնը ու շեշտեց, որ դէպի Կրետէ իր ուղեւորութեան կը մասնակցէր նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Հովուապետական այցելութեան օրերուն Վեհափառ Հայրապետը հայ հաւատացեալներու ուղղեալ պատգամներուն մէջ ալ ընդգծեց յոբելեանի բերկրանքը ու մատնանշեց, որ այդ յոբելեանը հաւատքի յաղթութիւն մըն է։ «Քրիստոնէութիւնը վերափոխեց մեր ժողովուրդը։ Կերտեցինք ժառանգութիւն մը եւ անով այսօր կը հպարտանանք։ Այդ բոլորը ծնած են մեր հաւատքէն», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ Նորին Սրբութիւնը երէկ յետմիջօրէին հրաժեշտ առաւ Կրետէ կղզիէն։ Նոյնպէս երէկ, օրուան երկրորդ կէսին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Կրետէ մեկնած պոլսահայ ուխտաւորներն ալ վերադարձան քաղաքս։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019