ՇԻՆԻՉ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Երեւանի իշխանութիւնները կը բանակցին այնքան, որքան լիազօրութիւն ունին, իսկ ժողովուրդը կրնայ պատասխան պահանջել։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան անդամներու եւ երեսփոխաններու հարցում-պատասխանին ժամանակ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ ըսաւ.
«Պիտի չըլլայ, որ ինչ որ ուժեր մեզ վախցնեն ու մենք երթանք բանակցային սեղանի շուրջ նստինք եւ մեր ձեռքերը դողան, թէ յանկարծ սխալ մը պիտի գործենք եւ այդ բանը պէտք չէ պատմութիւն դառնայ։ Մենք ունինք մեր ժողովուրդի լիազօրութիւնը՝ բանակցելու համար այդ հարցին շուրջ։ Եւ մենք այդ լիազօրութիւնը, բոլոր հաւանական դիւանագիտական հմտութիւնները, բոլոր հնարաւորութիւնները պիտի օգտագործենք բանակցային սեղանի շուրջ։ Ոեւէ մէկը մեզի թող չըսէ, որ ի՛նչ կը բանակցինք։ Ինչ որ պէտք է, այդ ալ կը բանակցինք։ Մեզմէ պատասխան կրնայ պահանջել Հայաստանի ժողովուրդը։ Ժողովուրդը մեզի վստահութեան քուէ տուած է, որպէսզի երթանք, բանակցինք։ Երբ կը համարենք, որ այս բանակցութեան արդիւնքին ունինք բանաձեւ մը, զոր կրնանք ներկայացնել Անվտանգութեան խորհուրդին, Ազգային ժողովին, ժողովուրդին եւ հանրութեան, կու գանք, կը ներկայացնենք։ Ղարաբաղեան հարցին մէջ կայ շատ կարեւոր բանաձեւ մը՝ քանի տակաւին ամէն ինչ որոշուած չէ, ոչինչ որոշուած է։ Իշխանութիւնները կը բանակցին այնքան, ինչքան լիազօրութիւն ունին։ Բանակցութիւններու երթալու ժամանակ պիտի չվախնանք ներսիններէն կամ դուրսիններէն»։
Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով, Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ եթէ Ատրպէյճան տրամադիր չէ հարցը կարգաւորելու, ուրեմն հարցը չի կարգաւորուիր։ «Մենք կ՚ըսենք ուրիշ բան մը։ Մենք կ՚ըսենք՝ հնարաւոր է իրագործել միայն այնպիսի լուծում մը, որ ընդունելի է Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար։ Եթէ դիւրին ըլլար հարցի լուծումը, հիմա հարիւր անգամ լուծուած կ՚ըլլար։ Ես Ատրպէյճանի նախագահին հետ շփումներու ժամանակ կը զգամ, որ ինք տրամադրուած է լուծման, կ՚ուզէ հարցի լուծուիլը։ Մենք ալ շինիչ տրամադրուած ենք, իրենք ալ, Ռուսաստանն ալ կ՚ուզէ, Միացեալ Նահանգներն ալ, Ֆրանսան ալ կ՚ուզէ։ Կարեւորը նրբութիւններու մէջ է։ Սակայն, եթէ պարզուի, որ Ատրպէյճան չ՚ուզեր, որ հարցը լուծուի, ապա չի լուծուիր», շարունակեց Նիկոլ Փաշինեան։
Ուրիշ երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով վարչապետը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի ոեւէ ղեկավար ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ այնքան մանրամասն դիրքորոշում չէ յայտնած, որքան ինքը։ Հայաստանի ոեւէ ղեկավար այնքան յաճախ ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ դիրքորոշում չէ յայտնած, որքան ինքը։ Հայաստանի ոեւէ ղեկավար ղարաբաղեան հարցի կապակցութեամբ այնքան հրապարակային եւ թափանցիկ չէ եղած, որքան ինքը։ «Մեր դիրքորոշումը գոյութիւն ունի՝ անկախ այն բանէն, որ աշխարհի մէջ ալ ինչ դիրքորոշումներ գոյութիւն ունին։ Եւ պարզ է, որ աշխարհի մէջ բազմաթիւ դիրքորոշումներ գոյութիւն ունին՝ անկախ մեր դիրքորոշումներէն։ Եւ այս ամբողջ կարգաւորման գործընթացը անոր համար է, որ մենք փորձենք պատասխանել հարցումի մը. արդեօք կարո՞ղ ենք մենք դիրքորոշումները իրարու մօտեցնել, արդեօք կարո՞ղ ենք ձեւակերպել ընդհանուր դիրքորոշում մը։ Եւս երկու կարեւոր տարր մտցուցած եմ, որ ղարաբաղեան հարցի որեւէ լուծում չի կրնար գործնականին մէջ լուծում դառնալ, եթէ սա ընդունելի չէ Հայաստանի ժողովուրդի համար, Ղարաբաղի ժողովուրդի համար», ընդգծեց Փաշինեան։
Բաց աստի, ան նշեց, որ եթէ նոյնիսկ նախապէս եղած են իշխանութիւններ, որոնք մտածած են, թէ կը ստորագրեն եւ լուծում մը կու տան, անոնք գերագնահատած են իրենց ուժերը։ Արդարեւ, տեսականօրէն իրագործելի կրնայ ըլլալ այն լուծումը, որ ընդունելի է Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար։ Իսկ իր դիրքորոշման վերաբերեալ վարչապետը ընդգծեց, որ նախապէս 8 մայիս 2018 թուականէն սկսեալ ցայսօր յայտնած դիրքորոշումէն, նոյնիսկ ստորակէտ մը պակսեցնելու կամ աւելցնելու կարիք չի տեսներ։