ՀԱՄՈԶՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի մէջ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ ներքին քաղաքական կեանքի խմորումները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ միշտ հետամուտ կը մնայ «Ազգային համաձայնութեան դաշինք»ի ձեւաւորման։ Այս նախաձեռնութիւնով կը նախատեսուի երկրի նախկին երեք նախագահներու՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ դաշինքի մը ձեւաւորուիլը։ Տէր-Պետրոսեան վերջերս Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին այս նիւթը օրակարգի վրայ բերած է, սակայն Քոչարեան եւ Սարգսեան ընթացք չեն տուած այդ առաջարկին։ Առաջին նախագահը ստեղծուած մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ համոզման ջանքերը։ Ան մայիսի 1-ին հանդիպում մըն ալ ունեցած է Սերժ Սարգսեանի հետ՝ առաջարկելով, որ իր գլխաւորած Հայ Ազգային քոնկրէսը եւ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ստեղծեն դաշինք մը։ Այս առաջարկն ալ Սերժ Սարգսեանի հաւանութեան չէ արժանացած։

Վերջին օրերուն Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հրապարակայնացուցած էր՝ իր կողմէ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգսեանին առաջարկուած, սակայն մերժուած համատեղ յայտարարութեան նախագիծը։ Ան երէկ հանդէս եկաւ ի շարունակութիւն երկու յայտարարութիւններով։ Այդ յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ներկայացուց իր կողմէ Սերժ Սարգսեանին առաջարկուած, սակայն մերժուած համատեղ յայտարարութեան նախագիծը։ Ըստ իրեն, Քոչարեանի կողմէ իր առաջարկի կտրուկ մերժումէն յետոյ հանդիպած է Սերժ Սարգսեանի հետ՝ անոր առաջարկելով միասնական դաշինքով ընտրութիւններուն մասնակցիլ։ Տէր-Պետրոսեան ընդգծած է, որ անշուշտ, սա չիրականացուած եռակողմանի դաշինքին նման արդիւնաւէտութիւն չէր կրնար ունենալ։ Ըստ «www.ilur.am»ին վրայ ներկայացուած մանրամասնութիւններուն, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան թէ՛ եռակողմանի եւ թէ երկկողմանի յայտարարութիւններու նախագծի գաղտնազերծումով հետապնդած է ընդամէնը մէկ նպատակ. այն է՝ հասարակական ճնշում բանեցնել երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն վրայ, իր պատկերացուցած դաշինքի իրականանալիութիւնը տակաւին բացառուած չհամարելով։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այս վերջին յայտարարութեան մէջ դիտել տուած է հետեւեալը.

«Դատելով իմ նախորդ հրապարակման արձագանգներէն՝ ես կը համարեմ, որ մասամբ հասած եմ իմ նպատակին։ Բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, վերլուծաբաններ, լրագրողներ, մտաւորականներ, որոնք երբեք իմ համակիրը չեն եղած, ողջունած են այս նախաձեռնութիւնը։ Վստահ եմ, թէ նման արձագանգի կ՚արժանանայ նաեւ այս հրապարակումը։ Անկարեւոր չեմ համարեր ուշադրութիւն հրաւիրել նաեւ ուրախալի երեւոյթի մը վրայ։ Առաջին անգամ մեր երկրին մէջ ականատես կը դառնանք իրական քաղաքական բանավէճի, ինչ որ ինծի չէր յաջողած հասնիլ 1997 թուականին հրապարակուած «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն» յօդուածի պարագային։ Ինչ կ՚ուզեն թող ըսեն, Փաշինեանի յանցաւոր եւ ազգակործան վարչախումբի վերարտադրման վտանգի կանխման եւ նորանոր աղէտներէ խուսափելու միակ միջոցը այս պահուն ալ Հանրապետութեան երեք նախկին նախագահներու դաշինքը կ՚ըլլար։ Այլապէս, մեզի կը սպառնան վարչական, ելմտական, քրէական միջոցներու համատարած օգտագործմամբ ուղեկցուելիք կատաղի ընտրութիւններ, որոնց հետեւանքները Հայաստանի եւ Արցախի համար կրնան աւելի աղէտաբեր ըլլալ՝ քան վերջին պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութիւնը։

«Վերջաւորութեան կ՚ուզեմ արձագանգել իմ հասցէին հնչած բարոյական կշտամբանքի մը, թէ ես գաղտազերծելով նման փաստաթուղթեր, խախտած եմ խորհրդապահութեան պայմանը։ Կը յայտնեմ, որ նախ՝ չհրապարակելու պայմանաւորուածութիւն չէ եղած եւ երկրորդ՝ որպէս սկզբունք, ես երբեք ժողովուրդի թիկունքին գաղտնի գործարքներու չեմ գացած։ Պարտք կը համարեմ նաեւ տեղեկացնել, որ Արցախի նախկին նախագահներ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան ոգեւորուած են եռակողմանի դաշինքի գաղափարով եւ մեծ ջանքեր գործադրած՝ անոր իրականացման ուղղութեամբ»։

Տէր-Պետրոսեան Սարգսեանին ներկայացուցած առաջարկին մէջ փորձած է յստակեցնել նաեւ Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս անոնց ստանձնելիք դերը։ «Երկրի քաղաքական կեանքէն ներս անձամբ մեր երկուքի ապագայ դերակատարութիւնը կը պատկերացնենք բացառապէս միջազգային յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան ոլորտներու մէջ վարչապետի կողմէ հասարակական հիմունքով նշանակուած խորհրդականներու կարգավիճակով», նշած է ան։

Այս կէտը կարեւոր նրբութիւն մըն է, որովհետեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ Սերժ Սարգսեան յայտարարած են, որ յառաջիկային ձեւաւորուելիք նոր իշխանութեան մէջ որեւէ բարձրաստիճան պաշտօն պիտի չստանձնեն։ Ի տարբերութիւն՝ Ռոպերթ Քոչարեան արդէն կը յաւակնի Հայաստանի ղեկը վերստին ստանձնել։

Հարկ է յիշեցնել, որ Արցախի երկրորդ պատերազմի բաւականին նուրբ օրերուն Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան մտադրած էին նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ՝ միասնաբար Մոսկուա այցելելով։ Այդ նախաձեռնութիւնն ալ հասունցած էր Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու մասնակցած ձեւաչափին մէջ։ Յետպատերազմեան շրջանին արդէն յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի իշխանութիւններու քայլերուն հետեւանքով նախկին ղեկավարներու այդ նախաձեռնութիւնը ձախողած էր։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021