ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութիւնը այսօր արդէն սկսած է, սակայն աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը կը գործադրուի 10 մայիսին։ Հանրապետութեան նախագահի գնասենեակը տեղեկացուց, որ Արմէն Սարգսեան կարճատեւ արձակուրդ մը կ՚անցընէ Մոսկուայի մէջ, ուր կ՚իջեւանի անձնական միջոցներու հաշուոյն։

Այս երկուշաբթի՝ 10 մայիսին կը սկսի աշխատանքային այցելութիւնը, որու շրջանակներէն ներս նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած այցելութեան ծրագրին կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի մօտալուտ արտահերթ ընտրութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Այս առթիւ անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին շրջաններուն ընկերային ցանցերու կամ զանազան լրատուական հարթակներու վրայ տեղ գտած պնդումներուն, ըստ որոնց Արմէն Սարգսեան իբրեւ թէ կը հետապնդէ քաղաքական նպատակներ, կը հովանաւորէ զանազան ուժեր, ինչպէս նաեւ կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի արտահերթ ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկուի։ Այս բոլորի լոյսին տակ յայտարարութեան մէջ տեղեկացուած է, որ յիշեալ բոլոր պնդումները կեղծ են ու չեն համապատասխաներ իրականութեան։

«Նախագահ Արմէն Սարգսեանի տեսակէտները, միտքերը, խօսքերը կամ ելոյթները ներկայացուած են բացառապէս պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Բազմիցս յայտարարուած է, որ հանրապետութեան նախագահը կ՚առաջնորդուի համապետական եւ համազգային շահերով։ Իր գործառոյթները իրականացնելով բացառապէս Հայաստանի Սահմանադրութիւնով իրեն ընձեռուած լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ՝ նախագահը չի կրնար զբաղիլ, չի զբաղիր եւ նպատակ չունի զբաղելու քաղաքականութեամբ, որեւէ կուսակցութեան անդամ չէ, չէ ներկայացուցած ու չի ներկայացներ որեւէ քաղաքական ուժ։ Հանրապետութեան նախագահը չ՚աջակցիր ու չի պատրաստուիր աջակցելու կամ սատարելու որեւէ քաղաքական ուժի», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021