ՈՒԺԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ

Խորհր­դա­րա­նա­կան ե­րէ­կի ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց լա­րուած տրա­մադ­րու­թեամբ մը կը սպա­սէր երկ­րի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ի­րենց ա­ւար­տին հա­սան ցնցիչ ար­դիւնք­նե­րով։ Տաս­նե­րեք տա­րի­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կուող ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան միա­հե­ծան իշ­խա­նու­թիւ­նը ե­րէկ փաս­տօ­րէն հա­սաւ իր ա­ւար­տին, ՀՏՓ, որ որ­պէս ա­ռան­ձին կու­սակ­ցու­թիւն ա­ռա­ջին ան­գամ կը մաս­նակ­ցէր ընտ­րու­թեանց, գլեց ան­ցաւ հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պատ­նէ­շը եւ թէ՛ խորհր­դա­րա­նէ ներս, թէ՛ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ստեղ­ծեց նոր ի­րա­վի­ճակ մը, ա­ռիթ դառ­նա­լով կա­տա­րե­լու նոր հա­շուարկ­ներ։

Խորհր­դա­րա­նի 25-րդ շր­ջա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րը ո­րո­շե­լու նպա­տա­կով շուրջ 26 մի­լիոն ընտ­րող­ներ ե­րէկ փու­թա­ցին կա­տա­րե­լու ի­րենց ընտ­րու­թիւ­նը։ Կա­տա­րուած կարգ մը բա­ցա­սա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն հա­կա­ռակ, ընտ­րու­թիւն­նե­րը ընդ­հա­նուր առ­մամբ տե­ղի ու­նե­ցան հան­դարտ ու խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ժա­մը 17.00-էն վերջ քուէա­տու­փե­րը բա­ցուե­ցան եւ ա­ռա­ջին ար­դիւնք­նե­րու հրա­պա­րա­կու­մը հետզ­հե­տէ ցոյց տուաւ, թէ ցարդ իշ­խա­նու­թիւ­նը իր ձեռ­քը պա­հող ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նի մեծ կո­րուստ­ներ։ 2011-ին ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեան ժա­մա­նակ այդ կու­սակ­ցու­թիւ­նը 50 տո­կոս քուէ հա­ւա­քե­լով խորհր­դա­րան ու­ղար­կած էր 326 ե­րես­փո­խան. ե­րէկ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք ան թէեւ 40 տո­կոս քուէ ստա­նա­լով շա­րու­նա­կեց իր ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, սա­կայն ոչ-պաշ­տօ­նա­կան տուեալ­նե­րով 260-էն նուազ ե­րես­փո­խան հա­ւա­քե­լով կորսն­ցուց կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լու իր կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս ար­դիւն­քէն ետք Թուր­քիոյ հո­րի­զո­նին կ՚ե­րե­ւի հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Այս տե­սա­կէ­տէն յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը յղի են նոր զար­գա­ցում­նե­րու, քա­նի որ միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ ՃՀՓ, ՄՀՓ եւ ՀՏՓ կը մեր­ժեն հա­մա­խո­հա­կան ո­րե­ւէ ար­ձա­նագ­րու­թիւն կնքել ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան հետ։ Այ­լընտ­րանք­նե­րէն մէ­կը պի­տի դառ­նայ նաեւ փոք­րա­մաս­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը ստեղ­ծու­մը, ինչ որ սա­կայն փա­փա­քե­լի չէ, քա­նի որ այդ ձե­ւով «իշ­խող» կու­սակ­ցու­թեան դիր­քե­րը կ՚ըլ­լան շատ խախ­ուտ։ Եր­րորդ տար­բե­րակն է ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րու կա­տա­րուի­լը, ինչ որ սա­կայն շատ նուազ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն մը կը պա­րու­նա­կէ ստեղ­ծուած այժ­մու պատ­կե­րը փո­խե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ան­տա­րա­կոյս այս ընտ­րու­թեան միակ յաղ­թա­կան ու­ժը ՀՏՓ-ն է։ Ա­միս­ներ շա­րու­նակ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը յու­զէր այն հար­ցը, թէ ար­դեօք այդ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի անց­նի՞ պատ­նէ­շը, որ հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան գիծ մը կը հա­մա­րուի։ ՀՏՓ­-ի այդ յա­ջո­ղու­թե­նէն կա­խում պի­տի ու­նե­նար ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ար­դէն սան­ձար­ձակ դար­ձած իշ­խա­նու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռուի­լը եւ երկ­րի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գի մը ան­ցու­մը կան­խե­լը։ Բա­րե­բախ­տա­բար ՀՏՓ­ ոչ միայն գլեց ու ան­ցաւ այդ պատ­նէ­շը, նաեւ 13 տո­կո­սի շուրջ քուէ հա­ւա­քե­լով խորհր­դա­րա­նի մէջ շա­հե­ցաւ 80 ա­թոռ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այդ կու­սակ­ցու­թիւ­նը 2011-ի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած էր ան­կախ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րով եւ շա­հած՝ 35 ա­թոռ։ ՀՏՓ ամ­բող­ջա­պէս շա­հե­ցաւ ա­րե­ւել­քի եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րու քուէ­նե­րը՝ լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով նաեւ ա­րեւ­մուտ­քի մեծ քա­ղաք­նե­րէն ներս։ Քրդա­կան քա­ղա­քա­կան շարժ­ման ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ձախ-ըն­կեր­վա­րա­կան եւ այլ քա­ղա­քա­կան հո­սանք­ներ լուրջ նե­ցուկ մը տրա­մադ­րե­ցին ՀՏՓ­-ին, որ այժմ դար­ձած է հա­մա­խո­հու­թեան վար­կած­նե­րու կա­րե­ւոր մէկ բա­նա­լին, ինչ­պէս նաեւ քրդա­կան հար­ցի լուծ­ման յա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տար­նե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը։

Իսկ ՃՀՓ թէեւ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին չկրցաւ բազ­մաց­նել իր քուէր­նե­րուն թի­ւը, սա­կայն ստեղ­ծուած ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին մէջ կրնայ նոյ­նիսկ կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մել, ե­թէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը չկրնայ յա­ջո­ղիլ հա­մո­զել միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Տես­նուե­ցաւ նաեւ, որ ՃՀՓ­-ի քուէ­նե­րէն մէկ մա­սը ան­ցած է ՀՏՓ­-ին։

Խորհր­դա­րա­նի չոր­րորդ կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ ՄՀՓ կր­նայ նկա­տուիլ այս ընտ­րու­թեանց գաղտ­նի շա­հող­նե­րէն մին։ ՀՏՓ­-ի հե­տի միա­սին ՄՀՓ դար­ձաւ այն կու­սակ­ցու­թիւ­նը, որ բազ­մա­ցուց իր քուէ­ներն ու ա­թոռ­նե­րուն թի­ւը խորհր­դա­րա­նին մէջ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կո­րուս­տին մէջ դեր մը խա­ղաց նաեւ ՄՀՓ­-ին այս ըն­դար­ձա­կու­մը։

Այս պատ­կե­րէն ետք կա­րե­լի է հա­մար­ձա­կօ­րէն ը­սել, թէ ընտ­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէ վեր­ջա­ցած։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նան լուրջ քննար­կում­ներ եւ տես­նենք, թէ ինչ­պի­սի ար­դիւնք­նե­րու պի­տի հաս­նին քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։

ԵՐԵՔՆ ԱԼ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՆ

Յու­նիս 7-ի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին Հան­րա­պե­տա­կան պատ­մու­թեան մէջ թե­րեւս ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով խորհր­դա­րա­նին մէջ ա­թոռ­ներ պի­տի զբա­ղեց­նեն նաեւ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­ներ, միա­ժա­մա­նակ։ Այս­պէս, ՃՀՓ­-էն Սե­լի­նա Տո­ղան, ՀՏՓ­-էն Կա­րա­պետ Փայ­լան եւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թե­նէն Մար­գար Է­սաեան յա­ռա­ջի­կայ նստաշր­ջա­նին ի­րենց նպաս­տը պի­տի բե­րեն երկ­րի ժո­ղովրդա­վա­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ օ­րէնսդ­րա­կան ի­րենց աշ­խա­տան­քով։

Սե­լի­նա Տո­ղան ար­դէն յստակ հիմք մը ու­նէր ընտ­րուե­լու, քա­նի որ ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու­թեան ա­ռա­ջադ­րուած էր Իս­թան­պու­լի Բ. շրջա­նի Ա. կար­գին վրայ։ Մար­գար Է­սաեան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­նու­թեան ա­ռա­ջադրուած էր Իս­թան­պու­լի Բ. շրջա­նի 12-րդ կար­գի վրայ։ Իսկ Կա­րա­պետ Փայ­լանն ալ ընտ­րուե­ցաւ ՀՏՓ­-ի Իս­թան­պու­լի Գ. շրջա­նի երկ­րորդ կար­գէն։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ՀՏՓ­-ի կող­մէ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան ա­ռա­ջադ­րուած էին նաեւ Մու­րատ Մըխ­ճը եւ Ֆի­լոր Ու­լուք, ո­րոնք սա­կայն չկրցան ընտ­րուիլ։

Խորհր­դա­րա­նին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ընտ­րուե­լու բախ­տին ար­ժա­նա­ցաւ նաեւ ռո­ման թեկ­նա­ծու մը։ Այս­պէս, ՃՀՓ­-ի Իզ­մի­րի ե­րես­փո­խան Էօզ­ճան Փուր­չու դար­ձաւ ա­ռա­ջին ռո­ման ե­րես­փո­խա­նը։ Ընտ­րուե­լէն ետք իր կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ան նշեց, որ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր է իր ներ­կա­յու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նին մէջ։ Ա­ռա­ջին ան­գամ խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծեց նաեւ ե­զի­տի ե­րես­փո­խան մը՝ ՀՏՓ­-ի Տիգ­րա­նա­կեր­տէն թեկ­նա­ծու ցոյց տուած Ֆե­լեք­նազ Ու­ճա։ ՀՏՓ­-ի Մար­տի­նի ե­րես­փո­խան Է­րօլ Տո­րա այս նստաշր­ջա­նին եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ զբա­ղեց­նել ե­րես­փո­խա­նի իր ա­թո­ռը՝ դառ­նա­լով միակ ա­սո­րի ե­րես­փո­խա­նը օ­րէնս­դիր մարմ­նի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015