ՔԱՆՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐ

Հա­յաս­տան այս օ­րե­րուն յայտ­նուած է ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի կի­զա­կէ­տին։ Ֆրան­սա­յի Քանն քա­ղա­քին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր ու պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Մի­տէմ-2015» մի­ջազ­գա­յին աշ­խար­հահռ­չակ ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն է Հա­յաս­տան։ 2015-ի բե­րու­մով սահ­մա­նուած է այս կար­գա­վի­ճա­կը եւ Ֆրան­սա­յի հա­րա­ւը զար­դա­րուած՝ հայ­կա­կան գոյ­նե­րով։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սար­գսե­անն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նակ­ցե­ցաւ այս փա­ռա­տօ­նի բաց­ման հանգ­րուա­նին։

2015-ի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հա­մա­կար­գող պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ, «Տա­շիր կրուփ»ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Հա­յաս­տան պա­տուոյ հիւ­րի կար­գա­վի­ճա­կով կը մաս­նակ­ցի «Մի­տէմ» մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան ճար­տա­րա­րուես­տի փա­ռա­տօ­նին։ Ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ «ՓրօԱրթ» ըն­կե­րու­թիւ­նը։

Հա­յաս­տան այս հե­ղի­նա­կա­ւոր փա­ռա­տօ­նին կը ներ­կա­յա­նայ «Ե­րաժշ­տու­թեան հայ­կա­կան տար­րե­րը» հա­յե­ցա­կար­գով։ Որ­պէս «Մի­տէմ-2015» փա­ռա­տօ­նի խորհր­դան­շան ընտ­րուած եւ մշա­կուած է նու­ռը, որ պատ­կե­րուած է չորս տար­բեր գոյ­նե­րով ու կը խորհր­դան­շէ ո­գեշնչ­ման չորս հիմ­նա­կան հայ­կա­կան տար­րե­րը՝ հո­ղը, օ­դը, ջու­րը եւ կրա­կը։

Քան­նի մէջ Հա­յաս­տան փա­ռա­տօ­նի օ­րե­րուն լիար­ժէք ներ­կա­յա­ցուած է տե­սո­ղա­կան ա­ռու­մով։ Ամ­բողջ քա­ղա­քը զար­դա­րուած է հայ­կա­կան գոյ­նե­րով։ Հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ պար­զուած են՝ «Հա­յաս­տան-պա­տուոյ եր­կիր» խորհր­դան­շա­նով դրօ­շակ­նե­րը։ Քա­ղա­քի վա­հա­նակ­նե­րուն վրայ ազ­դա­րա­րուած են հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­ներն ու ծրագ­րե­րը։ Քան­նի յայտ­նի փա­ռա­տօ­նի դահ­լի­ճի ճա­կա­տի վա­հա­նակն ալ նուի­րուած է Հա­յաս­տա­նին։

Քան­նի գլխա­ւոր պո­ղո­տան՝ Քրուա­զէթ, յա­տուկ Հա­յաս­տա­նի տա­ղա­ւա­րի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան հա­մար ամ­բողջ ե­րե­կոյ մը փա­կուե­ցաւ, եր­թե­ւե­կու­թեան կա­սե­ցու­մով հան­դերձ։ Քա­ղա­քի ա­մե­նա­յայտ­նի եւ պատ­մա­կան ա­ռու­մով յի­շար­ժան «Քարլ­թոն» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մի­տէմ»ի բաց­ման ե­րե­կոյ­թը, ուր հան­դէս ե­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հէն բազ­մա­թիւ յայտ­նի խում­բեր։ Նոյն պան­դո­կի սրա­հին մէջ բա­ցուե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուե­ցան նկա­րիչ Տիգ­րան Ձի­թող­ցեա­նի եր­կու մե­ծա­ծա­ւալ նոր գե­ղան­կար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ տի­զայ­նըր Վա­հան Խա­չատ­րեա­նի հե­ղի­նա­կած՝ հնա­գոյն հայ­կա­կան նախ­շե­րով հա­գուստ­նե­րը։

Նոյն ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան նաեւ հայ­կա­կան ազ­գա­յին խո­հա­նոցն ու խմիչք­նե­րը։

Հա­յաս­տա­նի տա­ղա­ւա­րի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րու կազ­մին մէջ էին Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան, Փա­րի­զի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վի­գէն Չի­տէ­ճեան, Մար­սէյ­լի մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Վար­դան Սըրմա­քէշ եւ այլք։ Այն­տեղ էր նաեւ ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր։ Սարգ­սեան հա­մեր­գա­յին ծրագ­րե­րուն ներ­կայ գտնուե­լու ա­ռըն­թեր, ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս շրջագ­ծով ի­րեն ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ Կո­մի­տա­սի ժա­ռան­գու­թեան հի­ման վրայ ի­րա­կա­նաց­նել հա­մա­տեղ նոր ծրագ­րեր ու նա­խագ­ծեր։ Սարգ­սեա­նին ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ նաեւ «Մի­տէմ»ի մաս­նա­ճիւ­ղը հաս­տա­տել նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Նոյն ծի­րին մէջ կը նա­խա­տե­սուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պել հե­ղի­նա­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մեծ խորհր­դա­ժո­ղով մը։

«Մի­տէմ»ի ծրա­գի­րը յա­գե­ցած հա­մերգ­նե­րու ա­ռըն­թեր կ՚ընդգր­կէ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ եւ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ։

Քան­նի փա­ռա­տօն­նե­րու պա­լա­տին մէջ ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լէ վերջ Սերժ Սարգ­սեան շրջե­ցաւ փա­ռա­տօ­նի տա­ղա­ւար­նե­րը եւ Հա­յաս­տա­նին վե­րա­պա­հուած տա­ղա­ւա­րը տես­նե­լու ա­ռըն­թեր այ­ցե­լեց Ֆրան­սա­յի եւ Գեր­մա­նիոյ տա­ղա­ւար­նե­րը։

Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց նաեւ Քան­նի «Հա­յաս­տա­նի պու­րակ»ը։ Տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տին՝ Տա­ւիտ Լիս­նա­րի, պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րու եւ ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ան յար­գան­քի տուրք մա­տոյց ի յի­շա­տակ Եղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րուն եւ յա­նուն Ֆրան­սա­յի զո­հուած հա­յոր­դի­նե­րուն՝ ծաղ­կեպ­սակ­ներ թող­լով հա­մա­պա­տաս­խան յու­շա­կո­թո­ղին։

 

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2015