ԱԼԻԵՒԻ ՊԵՐԼԻՆ ԱՅՑԸ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Օ­րուան ըն­թաց­քին ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան բազ­մաբ­նոյթ խնդիր­ներ, ո­րոնց շար­քին էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016