ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ…

Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա ա­ռանց­քին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի՝ Պուն­տես­թա­կի կող­մէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման բե­րու­մով։ Ան­գա­րա­յի կող­մէ հնչած բո­ղոք­նե­րէն վերջ ե­րէկ Պեր­լի­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ հան­դէս ե­կաւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով։ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ հե­տաքրք­րա­կան շար­ժա­ռիթ մը ընտ­րած ե­ղաւ փո­խա­դար­ձե­լու հա­մար Թուր­քիոյ հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Ար­դա­րեւ, ան խնդրին անդ­րա­դար­ձաւ Պեր­լի­նի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ հա­մա­տեղ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։ Ան­կե­լա Մեր­քէլ մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ «Գեր­մա­նա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան ե­րես­փո­խան­նե­րը, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան ա­զատ ձե­ւով ընտ­րուած ե­րես­փո­խան­ներ են։ Թուր­քիոյ կող­մէ այս նիւ­թին շուրջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներն ու յա­ռաջ քշուած պնդում­նե­րը տրա­մա­բա­նա­կան չեն հա­մա­րեր», ը­սաւ Մեր­քէլ եւ ա­ւել­ցուց, թէ միշտ ջանք գոր­ծադ­րած է ու պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծադ­րել՝ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ուղ­ղա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Ըստ Անկելա Մեր­քէ­լի, Գեր­մա­նիա ա­ռե­րե­սուած է Հո­լո­քոս­տի եւ ազ­գա­յին-սո­ցիա­լիզ­մի հետ։ Ան ա­ւել­ցուց, որ թուրք-հայ­կա­կան պատ­մու­թեան ման­րա­մասն ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար կողմ­նա­կից է պատ­մու­թեան հա­սա­րա­կաց յանձ­նա­ժո­ղո­վի մը ստեղ­ծուե­լուն։

Միւս կող­մէ, Պեր­լի­նի մօտ Թուր­քիոյ դես­պա­նու­թեան հա­ւա­տար­մա­տար Ու­ֆուք Կե­զէր հրա­ւի­րուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն, ուր ի­րեն տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, թէ վեր­ջին օ­րե­րուն Ան­գա­րա­յէն կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին ան­հասկ­նա­լի։

Իր կար­գին Պուն­տես­թա­կի նա­խա­գահ Նոր­պերթ Լամ­մերթն ալ անդ­րա­դար­ձաւ ե­րես­փո­խան­նե­րուն ուղ­ղեալ սպառ­նա­լիք­նե­րուն եւ ը­սաւ. «Սա ներ­կայ բո­լոր օ­րէնք­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շրագ­ծով պի­տի ու­նե­նայ իր պա­տաս­խա­նը։ Ինչ ձե­ւով որ ալ ըլ­լայ, ե­րես­փո­խան­նե­րու վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու հե­տա­մուտ անձ մը պէտք է շատ լաւ գի­տակ­ցի, թէ այս­պէ­սով կը հա­կադ­րուի ամ­բողջ խորհր­դա­րա­նին ու մեր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան», ը­սաւ Լամ­մերթ։

Բաց աս­տի, Պուն­տես­թա­կի Փոխ-նա­խա­գահ Քլո­տիա Ռոթհն ալ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան կը պատ­կա­նի Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան։ Իր խօս­քե­րով, Էր­տո­ղան ակն­յայտ գրգռու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ ե­րես­փո­խան­նե­րուն դէմ, հե­տե­ւա­բար ան­կա­րե­լի է լռու­թիւն պա­հել, ո­րով­հե­տեւ իր ը­րա­ծը ան­թոյ­լատ­րե­լի է, խո­տոր կը հա­մե­մա­տի բո­լոր կա­նոն­նե­րուն։

Պուն­տես­թա­կի կու­սակ­ցա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներն ալ բո­ղոք ցոյց տուին Էր­տո­ղա­նի կող­մէ թրքա­կան ար­մատ­նե­րով ե­րես­փո­խան­նե­րուն թի­րախ դար­ձուե­լուն դէմ։ Ըստ իրենց, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկ-րի մը հանրապետութեան նախագահը ան-կարելի է, որ խօսի նման ձեւով։ Էրտողանի արտայայտութիւնները ընկալուած են որ-պէս յարձակում ամբողջ Պունտեսթակի դէմ։

ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԿՈ­ՉԵՐ

Մինչ այդ, Ան­գա­րա-Պեր­լին ա­ռանց­քի առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան զու­գա­հեռ Եւ­րո­միու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ կո­չով մը, ո­րուն մէջ յոր­դոր ուղ­ղուե­ցաւ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նին, որ­պէս­զի ձեռ­նար­կեն շի­նիչ երկ­խօ­սու­թեան։ ԵՄ-ի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան բան­բե­րին՝ Մա­յա Քո­սիան­չի­չի կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ակըն-կա­լու­թիւ­նը։ «ԵՄ կը յոր­դո­րէ՝ ձեռ­նար­կել իս­կա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք պի­տի նա­խան­շեն Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու լիա­կա­տար հաշ­տեց­ման ու­ղին։ ԵՄ յանձ­նա­ռու է Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին հա­մար ու կը խրա­խու­սէ եր­կու կող­մե­րը՝ այդ գոր­ծըն­թա­ցին սկսիլ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու», նշեց Քո­սիան­չիչ։

Միւս կող­մէ, ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկն ալ յոյս յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան հնա­րա­ւո­րինս ա­րագ կը բնա­կա­նո­նաց­նեն ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Մեր­քէ­լի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Սթոլ­թեն­պեր­կին ուղ­ղուե­ցաւ Պուն­տես­թա­կի ո­րոշ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցում մը։ Ի պա­տաս­խան՝ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը նշեց, թէ այդ խնդի­րը չի վե­րա­բե­րիր ՆԱ­ԹՕ-ին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016