Հայկական Արտադրութեամբ «Արմֆոն»ը Միջազգային Շուկայ Կը Ներկայանայ
Հայկական արտադրութեամբ «Արմֆոն» հեռախօսները արդէն հասանելի են հայաստանցի գնորդին: Հայկական արտադրութեամբ առաջին smartphoneները, ըստ զայն ստեղծող ընկերութեան հիմնադիրին, որակեալ են եւ ոչինչով կը զիջին շուկային մէջ առկայ տարբերակներուն:
«Ես հասկացած եմ բան մը. շուկայի վրայ որեւէ ապրանքի համար կայ իր գնորդը, այսօր պայքարի ցած արժէքի չինական կամ բարձր արժէքի ամերիկեան, քորէական կամ ճաբոնական ապրանքի դէմ, անիմաստ է: Կարեւորը մեր ապրանքը որակեալ է, մենք պատասխանատու ենք որակի համար եւ մեր գնորդի կողքին ենք», ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Technology and Science Dynamics ընկերութեան հիմնադիր նախագահ Վահան Շաքարեան:
Ան նշած է, որ հեռախօսները հայ երիտասարդ մասնագէտներու, գիտնականներու երկու տարուան աշխատանքի արդիւնքն են: Վահան Շաքարեան յոյս յայտնած է, որ «Արմֆոն»ը եւ «Արմթապ»ը պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման՝ նոր անուն աւելցնելով «Պատրաստուած է Հայաստանի մէջ» խորագրին տակ:
Վահան Շաքարեան տեղեկացուցած է, որ հայկական բջիջայինները մօտ ապագային պիտի յայտնուին Ռուսաստանի, Ղազախիստանի, Խրղըզիստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, այլ խօսքով՝ Եւրոասիական տնտեսական միութեան շուկային վրայ՝ հասանելիութիւն ունենալով աւելի քան 160 միլիոննոց շուկային: Այնուհետեւ ընկերութիւնը պիտի ձգտի հասնիլ նաեւ ամերիկեան ու եւրոպական շուկաներ:
Հեռախօսները ունին հինգ տարբերակ ու ըստ իրենց ճարտարագիտական բնութագրիչներուն մրցունակ են. անոնք ունին ցած գին՝ համեմատ շուկայի մէջ առկայ հանրայայտ մակնիշներուն, բարձր են՝ չինական ոչ ծանօթ ապրանքանիշերէն:
«Արմֆոն»ը կը տատանի 50-151 հազար դրամի սահմաններուն մէջ: Հեռախօսներուն զանգերը ներկայացուած են Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Նիկողայոս Տիգրանեանի, Ստեփան Էլմասի շարք մը ստեղծագործութիւններով:
«Ժամանակն է, որ մենք փոխենք մեր մտածելակերպը: Մեզ մօտ կայ տպաւորութիւն, որ Աստուած ստեղծած է աշխարհը, իսկ չինացիները կը ստեղծեն ամէն ինչ: Իրականին, Աստուած ստեղծած է աշխարհը, մենք ալ կը ստեղծենք մերը», ընդգծած է Վահան Շաքարեան:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Էմիլ Տարասեան, իր հերթին, նշած է, որ պիւտճէյի դասի smartphone-ներուն ցանկին մէջ «Արմֆոն»ը մրցունակ է: «Շուկան ինքնակարգաւորիչ դեր ունի եւ կը ստիպի, որ այս ապրանքատեսակի որակական յատկանիշները զարգացում ունենան», ըսած է փոխ-նախարարը:
Ան հպարտութեամբ ընդգծած է, որ Technology and Science Dynamics ընկերութիւնը քանի մը տարի է՝ յաջողութեամբ գործունէութիւն կը ծաւալէ ազատ տնտեսական գօտիի մէջ եւ բարձր ճարտարագիտութիւններու մշակումով արդէն հանդէս կու գայ իր սեփական ապրանքանիշով:
Շնորհանդէսի ժամանակ ցուցադրուած է նաեւ հայկական արտադրութեամբ մարդամեքենան, որ կ՚աշխատի «Արմֆոն»ով: Անիկա ներկաները զարմացուցած է իր «հեզաճկուն» պարով: