ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ՝ MIT-Ի ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄ

Ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն մին՝ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Նու­պար Ա­ֆէեան ընտ­րուե­ցաւ Մա­սա­չու­սե­ցի Փոր­ձա­գի­տու­թեան կա­ճա­ռի (MIT) հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­գամ։ 1 Յու­լիս 2016-ի դրու­թեամբ ան պի­տի ձեռ­նար­կէ պաշ­տօ­նի՝ հինգ տա­րուան ժամ­կէ­տով։

Միա­նա­լով 76 ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս խոր­հուր­դին՝ Նու­պար Ա­ֆէեան գոր­ծու­նէու­թիւն պի­տի ծա­ւա­լէ կրթու­թեան, գի­տու­թեան, ճար­տա­րա­րուես­տի եւ ճար­տա­րա­գի­տու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016