ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան խնդիրներու վերաբերեալ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Երէկ առաւօտ Վեզնեճիլէրի մէջ պատահած պայթումը բնորոշեց ժողովին օրակարգը։ Էրտողան այս դէպքէն անմիջապէս վերջ Իսթանպուլի մէջ փութաց վիրաւորեալներու այցելութեան ու վերադարձաւ մայրաքաղաք։ Այս պատճառով, Պեշթեփէի ժողովը սկսաւ յապաղումով։ Նախագահական պալատէն ներս տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնը տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ժողովին մասնակցեցան Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք, Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Կը հաղորդուի, որ երէկուան դէպքը ժողովականներուն կողմէ հաշուի առնուած է բոլոր ծալքերով։
Միւս կողմէ, տեղական մամուլի հաղորդումներով, Վեզնեճիլէրի մէջ տասնմէկ հոգիի կեանքը խլած ահաբեկչական յարձակումը կազմակարպուած է ԹԱՔ-ի կողմէ, որ ՓՔՔ-ի քաղաքի կառոյցը կը համարուի։
Երէկ առաւօտ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած պայթումին արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքին օրակարգը։ Ահաբեկիչներու կողմէ պայթեցուած ռումբով ծանրաբեռնուած ինքնաշարժը ենթարկուած է մասնագիտական փորձագիտութեան։ Վերահսկողութեան տակ առնուած են այն չորս անձերը, որոնք այդ ինքնաշարժը վարձած են։
Մինչ այդ, բախտաւորութիւն կը համարուի, որ երեք տարիէ ի վեր փակ կը մնար՝ իննսուն սենեակով «Ճելալ աղա քոնաղը» անուն պանդոկը, որուն շէնքին առջեւ պատահեցաւ դէպքը։ Այդ պանդոկին փակ ըլլալը կանխեց զոհերու թիւին անհամեմատօրէն բարձր ըլլալը։ Երէկուան յարձակումէն վերջ, Լալէլիի շրջակայքի պանդոկներուն մէջ իջեւանած կարգ մը զբօսաշրջիկներ հրաժեշտ առած են։