ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Չեխիոյ Նախագահ Միլոշ Զեման պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Ան երէկ Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Այս առաւօտ, Երեւանի նախագահական ապարանքի համալիրէն ներս, Սերժ Սարգսեան զինուորական արարողութիւնով մը դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Ուղեւորութեան շրջագծով Զեման կը տեսակցի Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Այս այցը կարեւոր իրադարձութիւն մը կը համարուի Երեւան-Փրակ համագործակցութեան զարգացման տեսակէտէ։
Միւս կողմէ, հայկական լրատուութեան մօտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին զանազան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց յառաջիկայ շրջանին Չեխիոյ մէջ եւս կրնայ ընդունուիլ հայանպաստ բանաձեւ մը։ Այսպէս Միլոշ Զեման մտադիր է երկրին կառավարութեան ու խորհրդարանին կոչ ուղղել՝ հետեւիլ Գերմանիոյ օրինակին։