ABBA ԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ 34 ՏԱՐԻ ԵՏՔ

ABBA խումբին անդամները երեսունչորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք առաջին անգամ ելոյթ ունեցած են միասնաբար։

Շուէ­տա­կան յայտ­նի ABBA խում­բին ան­դամ­նե­րը՝ Պէօրն Ու­լուէուս, Ա­նե­թա Ֆելթս­քուկ, Ա­նի Ֆրիտ Լինկս­թատ, Պե­նի Ան­տըր­սըն, տե­սած են ի­րենց երկր­պա­գու­նե­րը եւ 1982 թուա­կա­նէն ետք ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս ե­կած են միա­սին:

Ոչ մեծ հա­մեր­գը մաս­նա­ւոր ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին նուի­րուած է Պէօրն Ու­լուէու­սի եւ Պե­նի Ան­տըր­սը­նի ըն­կե­րու­թեան 50-ա­մեա­կին: Հա­մեր­գը կա­յա­ցած է Սթոք­հոլ­մի մէջ,  Յու­նի­սի 5-ին:

ABBA խում­բին ան­դամ­նե­րը աս­կէ ա­ռաջ կտրա­կա­նա­պէս դէմ ար­տա­յայ­տուած էին միա­ւոր­ման՝ նոյ­նիսկ 1 մի­լիառ տո­լար հո­վա­նա­ւո­րով:

Ե­րաժշ­տա­կան քա­ռեա­կը ստեղ­ծուած էր 1972 թուա­կա­նին: Տա­սը տա­րուան ըն­թաց­քին խում­բը թո­ղար­կած էր ութ ալ­պոմ: Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ վա­ճա­ռուած էր ա­ւե­լի քան 350 մի­լիոն ձայ­նագ­րու­թիւն­ներ: Ա­նոնց ալ­պոմ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն սի­րուած մնալ մին­չեւ այ­սօր:

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016