«ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ԲԱՒ ՀԱՄԱՐՈՒԻԼ»

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ բաւ կրնայ համարուիլ երկրէն ներս արտակարգ իրավիճակի գործադրութիւնը։ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններու համատեղ սփռումով եւ այս առթիւ նախընտրական գործընթացէն ներս պատասխանեց օրակարգի բազմաբնոյթ հարցումներուն։ Ան ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց նախընտրական գործընթացին շուրջ։ Անդրադառնալով արտակարգ դրութեան վերաբերեալ հարցումի մը՝ Էրտողան յայտնեց, որ ընտրութիւններէն վերջ այդ խնդիրը պիտի դրուի սեղանի վրայ եւ այլեւս բաւ համարուիլը խնդրոյ առարկայ կրնայ դառնալ։ «Այդ աշխատանքը տարած պիտի ըլլանք։ Նախարարաց խորհուրդը ստեղծելէ վերջ հրահանգը տալով աշխատանքը պիտի տեւականացնենք։ Աւելի չի ձգձգուիր։ Այդ քայլը պիտի առնենք», ըսաւ նախագահը։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Էրտողան խօսեցաւ նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս ահաբեկչական լծակներու դէմ ռազմական գործողութիւններու հաւանականութեան մասին։ Ան յայտնեց, որ Քանտիլը, Սինճարը, Մահմուրը կրնան Թուրք զինեալ ուժերուն թիրախը դառնալ։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018