«ԵՐԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի, մենք չենք կրնար խաղաղութեան պատրաստուիլ»։

Երէկ, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս երեսփոխանի մը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցման պատասխանելով Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Վերջերս օտարերկրեայ դիւանագէտի մը հետ հանդիպման ժամանակ ան կ՚ըսէր, որ Հայաստանի քաղաքական զարգացումները լաւ առիթ են՝ որպէսզի հանրութիւնը պատրաստենք խաղաղութեան։ Ես ըսի՝ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանի հանրութիւնը ձեր նշած տրամաբանութեան մէջ պատրաստենք խաղաղութեան, երբ ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան պատերազմի կը պատրաստէ իր հանրութիւնը։ Եթէ մենք այդ պայմաններուն մէջ մեր հանրութիւնը պատրաստենք խաղաղութեան, կը նշանակէ մեր հանրութիւնը կը պատրաստենք պարտութեան։ Մենք նման բանի չենք երթար։ Եթէ միջազգային հանրութիւնը կ՚ուզէ, որ այդ գործընթացը տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ, պէտք է այնպէս ընէ, որ նոյնը տեղի ունենայ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ։ Մենք պէտք է մեր դիրքորոշումը շատ ու շատ խստացնենք, որ հասնինք Ատրպէյճանին։ Հայաստան կ՚ըլլայ շինիչ, բայց իր համաչափութիւնը չի կորսնցներ։ Երբ Ատրպէյճան կը սպառնայ մեզի, եթէ մենք յայտարարենք, որ պատրաստ ենք փոխադարձ զիջումներու, սա ճիշդ մօտեցում չէ։ Եթէ դիմացինը կը պատրաստուի պատերազմի, մենք ալ այդ բանին պէտք է պատրաստուինք։ Մենք չենք պատրաստուիր պարտութեան։ Մենք մեր հանրութիւնը կը պատրաստենք յետագայ յաղթանակներու։ Եթէ հակառակորդը ցոյց տայ, որ կը պատրաստուի խաղաղութեան, մենք ալ կը պատրաստուինք խաղաղութեան»։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ անոր վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց Ռուսաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու՝ Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ ձեռնարկուած ջանքերը, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Նախարարը ընդգծեց, որ այդ գործընթացը յաջողութեամբ պսակելու համար անհը-րաժեշտ է խաղաղութեան միտուած մթնոլորտի մը գոյութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018