ԱՆԳԱՐԱ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Թուրքիա կողմնակից է՝ Եգէականի, արեւելեան Միջերկրականի եւ Կիպրոսի խնդիրները կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով, միջազգային իրաւունքի եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ։ Նախարարը աւելցուց, որ Անգարա չ՚ուզեր ոեւէ մէկու իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւն ընել։ Ըստ նախարարին, Կիպրոսի հիմնախնդիրը Թուրքիոյ ազգային հարցերէն մին է ու բոլորը պէտք է անդրադառնան, որ կղզիէ ներս որեւէ կատարուած իրողութեան ստեղծուիլը անկարելի է։
Հուլուսի Աքար խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ վերջին շրջանին յառաջ տարուած շփումներուն եւ բանակցութիւններուն շուրջ։ Թրքական կողմը հաւատարիմ է այդ բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններուն։ Ցայսօր երկու անգամ թրքական պատուիրակութիւններ բանակցելու մեկնած են Աթէնք։ Յունաստանէն պատուիրակութիւն մըն ալ եկած է Անգարա եւ այժմ կը սպասուի երկրորդ այցելութեան։ Ըստ Հուլուսի Աքարի, Թուրքիա վճռակամ է իր իրաւունքներուն, շահերուն եւ հետաքրքրութիւններուն տէր կանգնելու ուղղութեամբ եւ ի վիճակի է այս բանը ընելու։ Նախարարը յոյս յայտնեց, որ այս ծիրին մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ առկայ խնդիրները կը լուծուին։ Անգարայի փափաքն է արդիւնքի հասնիլ բանակցութիւններու միջոցաւ։