ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԾԱՒԱԼՄԱՆ ԴԷՄ

Քորոնաժահրի համաճարակին կապակցութեամբ վերջին օրերուն Հայաստանէն կը հասնին ծայր աստիճան մտահոգիչ լուրեր։ Շաբաթավերջին այս կապակցութեամբ ահազանգ հնչեցուց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր ընտանիքի անդամներուն հետ վարակուած է քորոնաժահրով՝ թէեւ, բարեբախտաբար, դարմանումը կ՚ընթանայ բարեյաջող հունի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ ներկայիս երկրէն ներս կայ աւելի քան 100 հազար վարակակիր։ Պարետատան ժողովէ վերջ Փաշինեան յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ «Անկախ ամէն ինչէ, պէտք է արձանագրել, որ հասած ենք նուրբ վիճակի եւ արդէն իսկ կը քալենք դժոխքի միջով։ Լուծումը միջնաժամկէտ կրնայ ըլլալ միայն մէկ բանով, եթէ համընդհանուր հակահամաճարակային շարժում մը սկսի։ Իւրաքանչիւրը առաջնորդուի այն վարկածով, թէ հիւանդանոցներու մէջ տեղերու սահմանափակ ըլլալու պատճառով կրնայ մահանալ ինքը կամ իր հարազատը։ Իւրաքանչիւրը պէտք է առաջնորդուի այն կանխավարկածով, թէ ինքը վարակուած է ու պէտք չէ վարակէ ուրիշները», ըսաւ Փաշինեան։

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ շաբաթավերջին յայտարարութիւններ ըրաւ համաճարակի առկայ ընթացքին շուրջ՝ նոյնպէս փոխանցելով մտահոգիչ տեղեկութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2020