ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

ԹՎՄ-ի (ERVAB) երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցը։ Մեր կառոյցներու վարչայինները այս նիւթին շուրջ ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին՝ մանաւանդ վերջին դատավճիռներու լոյսին տակ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու բացման փուլին այս կապակցութեամբ ներկայացուց իր դիտարկումները։ Քննարկումներու տեւողութեան համայնքային վարիչները փորձեցին աւելի մանրամասնօրէն իրազեկ դառնալ կացութեան։ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ այս փուլին ականատես կը դառնան իրաւաբաններու կողմէ մեկնաբանութիւններու, կարծիքներու զանազանութեան։ Իր խօսքով՝ ըստ երեւոյթին, միակ յստակ պարագան այն է, որ վերջին դատավճիռներու լոյսին տակ առ ոչինչ դարձած ըլլալ կը թուին՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջաբերականի հիման վրայ կատարուած նշանակումները։ Այսինքն, մեր համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններուն մէջ նշանակովի դրութեամբ անդամներու ընդգրկման ճանապարհը փակուած կը համարուի այս ձեւով։ Յամենայնդէպս, Շիրինօղլու նշեց, որ ցարդ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ վաւերացուած նշանակումներու պարագան ալ վերջին հաշուով անստոյգ է։ Մինչեւ այսօր կատարուած նշանակումները պիտի ջնջուի՞ն, թէ ոչ յետ այսու նոր նշանակումներ պիտի չկատարուին… Այս եւ նման հարցումները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Շիրինօղլուի կանխատեսումներով, ստեղծուած իրավիճակին մէջ դժուար թէ մօտաւոր ապագային ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղութեամբ յուսադրուիլ կարելի ըլլայ, սակայն համայնքը պիտի շարունակէ յամառօրէն հետապնդել այս խնդիրը։ Երբ որ ընտրութեան հորիզոնը ուրուագծուի, ապա, անշուշտ, բոլորը պիտի ունենան մեր բոլոր կառոյցներու ղեկը ստանձնելու համար թեկնածու ըլլալու իրաւունքը։ «Այդ արդար իրաւունքէն օգտուելու ժամանակ պէտք է խուսափիլ համայնքէն ներս նոր պառակտումներ յառաջացնելէ», ըսաւ Շիրինօղլու։

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան երէկուան ժողովի ընթացքին համայնքային վարիչներու նկատառման զանազան մանրամասնութիւններ յանձնեց՝ վերջին շրջանին մամուլի միջոցաւ կատարուած ծաւալուն յայտարարութեան ի շարունակութիւն։ «Papaz Evleri» կոչուած եկեղեցապատկան կալուածի վարձակալին հետ յառաջացած դժուարութիւնները ներկայիս Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են։ Հրանդ Մոսկոֆեան վերջին կացութեան շուրջ ներկայացուց բացատրութիւններ եւ ընդգծեց, որ դատավճիռ մըն ալ կայ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ի նպաստ։ Վարձակալը արդէն բանալին յանձնելու, կալուածը վերադարձնելու փուլին հասած է։ Թաղային խորհուրդը այդ ամբողջը պիտի իրականացնէ ընթացակարգերով պայմանաւորուած բոլոր անհրաժեշտութիւնները հաշուի առնելով։

Ժողովականները այս ցաւալի հարցին մէջ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։

 

Երեքշաբթի, Յունիս 8, 2021