ՄՇՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուեցաւ, որ նախարարները կանգ առած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ, նաեւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած՝ տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ։ Ըստ Չավուշօղլուի, Անգարա կը ձգտի Փարիզի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել՝ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Ֆրանսական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ երկու նախարարները շօշափած են Լիպիոյ քաղաքական կացութիւնը եւ ընդհանրապէս Միջերկրականի արեւելքի իրադրութիւնը։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են, որպէսզի յառաջիկայ աշնան կազմակերպուի Թուրքիա-Ֆրանսա համատեղ տնտեսական եւ առեւտուրի կոմիտէի ժողովը։ Յունիսի 14-ին նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի եւ 24-25 յունիսին նախատեսուած Եւրոմիութեան գագաթաժողովին ընդառաջ նախարարները անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն։

Փարիզ այցելութեան առիթով Մեւլիւտ Չավուշօղլու յօդուած մըն ալ գրի առաւ ֆրանսական «լ՚Օփինիոն» թերթին մէջ։ Այս առթիւ ան շեշտը դրաւ Թուրքիա-Ֆրանսա երկարաժամկէտ բարեկամութեան վրայ։ Յօդուածի բովանդակութեան մէջ Չավուշօղլու անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին, Լիպիոյ մէջ կայունութեան հաստատման, Կիպրոսի հիմնախնդրին, Միջերկրականի արեւելքի իրադրութեան։ Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ Անգարա-Փարիզ առանցքին վրայ օգտակար քննարկումներ կը ծաւալուին Սուրիոյ հարցին շուրջ։ Ըստ Չավուշօղլուի, ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի շրջանակին մէջ Թուրքիոյ դաշնակիցները կը համագործակցին ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի ահաբեկիչներուն հետ։ Այս ուղղութեամբ առկայ են տարակարծութիւններ, ինչ որ կրնայ յաղթահարուիլ այդ համագործակցութեան վերջնականօրէն դադրեցման պարագային։ Արդարեւ, ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի բուն նպատակը ո՛չ թէ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարն է, այլ՝ Սուրիան մասնատելը եւ ՆԱԹՕ-ի ու Եւրոպայի սահմանին վրայ ստեղծել գօտի մը, որ կը վերահսկուի ահաբեկիչներու կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 8, 2021